Հայ Ուխտաւորներ Դադիվանք Այցելած Են

Այլեւայլ, Հայաստան

Կիրակի, 14 Փետրուարին, Դադիվանքի վանական համալիր այցելած է 15 հայ ուխտաւոր։  Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝  հայ ուխտաւորները ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ անարգել մտած են համալիրի տարածք:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ «Դադիվանքը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հնագոյն քրիստոնէական վանքերէն է եւ կը գտնուի Քարվաճառ շրջանի տարածքին մէջ, որ, եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է 2020-ի Նոյեմբերին»։