Արցախի Մէջ Այս Պահուն Կը Բնակի 105-110 Հազար Արցախցի. Արտակ Բեգլարեան

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին հաշուարկներով` Արցախի մէջ այս պահուն կը բնակի 105-110 հազար արցախցի, շուրջ 35-40 հազարն ալ դեռ կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այս մասին այսօրուան քննարկման ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Բեգլարեան:

Նշենք, որ Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին հետեւանքով անօթեւան մնացած եւ Արցախի մէջ պետական աջակցութեամբ տարբեր կացարաններու մէջ տեղաւորուած անձերը մօտ 10 հազար են: