ԿԽՄԿ Ներկայացուցիչները Այցելած են Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Գերիներուն

Աշխարհ, Հայաստան

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի գրասենեակէն այցելած են Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած զինծառայողներուն եւ քաղաքացիներուն:

Կառոյցի Հայաստանի պատուիրակութեան տեղեկութիւններով՝ Փետրուար 1-ին եւ 2-ին տեսակցած են 4 անձի:

Պատուիրակները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են գերիներուն հանդէպ վերաբերմունքին:

Միջազգային կառոյցը գերեվարուածներուն թիւն ու ցուցակը չի հրապարակեր, բայց կը վստահեցնէ, թէ պարբերաբար կ՝այցելէ անոնց, որոնց գերեվարման փաստը Ազրպէյճանի իշխանութիւնը հաստատած է: