Ռումբերու Պարտութենէն Ետք Երթալ Դէպի Նորի Սկիզբը. Յ. Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Դառն եւ դառնացնող պարտութիւն է Արցախի հակամարտութեան աւարտը: Կռիւները դադրեցան: Իրաւունքը ոտնակոխ եղաւ: Մարդուն չափ հին, միշտ դատապարտուած եւ միշտ ի զօրու բիրտ ուժի օրէնքով:

            Յարգուեցա՞ն պատմական ճշմարտութիւնները, ժողովուրդի մը իր հայրերու հողին վրայ ապրելու եւ բազմադարեան մշակոյթին տէր ըլլալու եւ մնալու իրաւունքը: Քաղաքականութեան մեծերը, իրաւարարները, Մ.Ա.Կ.-ը եւ Ապահովութեան Խորհուրդը ո՞ր մարդկային եւ բարոյական սկզբունքներով առաջնորդուեցան, ընդունելով որ հակամարտութիւնը աւարտած է՝ այն արդիւնքով որ կայ:

            Պատասխանը մէկ է. ԲԻՐՏ ՈՒԺԸ ՕՐԷՆՔ ՊԱՐՏԱԴՐԵՑ: Ռուսիան իրաւարար եղաւ, սուլեց պատերազմ-խաղի աւարտը:

            Ատրպէյճան, հայոց հողերուն ցեղասպանութիւն գործելով տիրացած Թուրքիոյ անթաքոյց օժանդակութեամբ, ազատութիւններու եւ իրաւունքի պաշտպան միջազգային համայնքի, ամպագոռգոռ անուններով կազմակերպութիւններու (Մ.Ա.Կ., Ապահովութեան Խորհուրդ, Եւրոմիութիւն, Ատլանտեան Զինակցութիւն, Ա.Պ.Հ.) յանցաւոր անտարբեր աչքին առջեւ, հայերը կ’օտարէ, կը զրկէ, իրենց հայրենի տարածքներէն:

            Բիրտ ուժի յաղթանակը ընդդէմ բազմադարեան ժողովուրդի պատմականօրէն եւ բնակութեան փաստերով արձանագրուած իրաւունքներուն: Մեղաւոր լռութիւն մը:

            Արդէն քանի մը հարիւր տարիէ ի վեր ոչ ոք հարց կու տար, թէ ինչպէ՞ս հայոց մայրաքաղաք Անին դարձած է Թուրքիա:

             Հիմա ոչ ոք հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս պատմական հայոց Ուտիք գաւառը, Արցախը, իր վանքերով եւ սրբատեղիներով, որոնք ներկայութեան եւ տիրութեան փաստեր են, ներխուժողներու կողմէ կ’իւրացուին:

            Հայաստան անփառունակ պարտութիւն կրեց: Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնագրաւողի փառասիրութիւնները յաղթեցին: Ռուս խաղաղապահներ մասամբ կը հակակշռեն կացութիւնը, մասամբ միայն, քանի որ ատրպէյճանցիները, յաղթականի ներշնչած յանդգնութեամբ, կը շարունակեն ծուատել Արցախը, նաեւ Հայաստանը, տեւաբար հնարելով պատրուակներ: Ռուսիան մեծ տէրութիւն է, շրջանային եւ թաղային մանրուքով չի զբաղիր, իսկ պարտութենէն ետք Հայաստան դարձած է կամազուրկ, ճակակագրապաշտ, կորսնցուցած ըլլալով ոեւէ նախաձեռնութեան կամք:

            Ներկայիս Հայաստանի միակ քաղաքական խաղաթուղթը իրեն ոչ մէկ ձեւով ենթակայ եւ հաշուետու ռուսական 2000 խաղաղապահներն են:

Հայաստան կամ ինք իր մէջ կը գտնէ վերականգնումի ուժը, կամ բոլորովին փուլ կու գայ:

            Հայաստանի ժողովուրդը, գումարած բազմամիլիոն սփիւռքը, պէտք է նային դէպի ապագան, իրականացնեն ներազգային քաղաքական հրաշքը, եւ տարակարծութիւններուն (փառասիրութիւններուն) հակադրեն ազգի իրաւունքը:

            Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն ճապկումները հասկնալի են կայունացած պետութիւններու եւ խաղաղ պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդներու համար:

            Ճշմարիտ հայրենասէր եւ բարձրորակ քաղաքական գործիչը, գործիչները, ներկայ հանգրուանին իրենց առջեւ ունին գլխաւոր օրակարգը. ՄԻԱՆԱԼ՝ ՈՒԺ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: Պատմութիւնը ժամանակակիցներս պիտի դատէ մեր ցուցաբերելիք այս առաքինութեամբ (հոգեկան ուժ):

            Նա՛խ այս կամքը: Ապա քաղաքական իրատեսութեամբ գնահատել շրջանին մէջ առկայ կայսերական ուժերը: Առաջին հերթին, ի հարկէ Ռուսիան եւ Թուրքիան, բայց նաեւ շրջանի աշխարհագրական սահմաններէն հեռու, բայց շահեր ունեցող, մանաւանդ՝ նաւթային, այլ երկիրները. Անգլիան, Ֆրանսան, Ամերիկան: Ուժերու պայքարը եւ վերադասաւորումը միայն Կովկասի մէջ չէ, այլ նաեւ՝ Միջերկրականի աւազանի եւ աւելի հեռու, դէպի Արեւելք, մինչեւ Չինաստան:

Այս մեծ խաղին մէջ, Հայաստան եւ հայութիւն տաշեղի կշիռ կ’ունենան եթէ մէկութիւն չունենան: Ոչ բաժակաճառային: Այս խաղին մէջ դերակատարութեան պէտք է կոչուի նաե՛ւ Սփիւռքը, իր համրանքով, նիւթական միջոցներով, լոպպիինկի հնարաւորութիւններով, ոչ միայն սովորական դարձած եւ ընդունուած  բարեսիրութեամբ: Դերակատարութիւն՝ ոչ թէ դուրսէն դիտողի, այլ նաեւ իրաւատէրի եւ մասնակիցի:

            Այսօրուան եւ վաղուան Հայաստանը համայն հայութեան գոյութենական խնդիրն է, առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու:

            Հայկական ղեկավարութիւնը, Հայաստանի եւ սփիւռքի, քաղքենիացումները եւ եսերը յաղթահարելով, նիւթական եւ մարդկային հնարաւորութիւններու եւ կարողութիւններու մէկտեղում եւ կազմակերպութիւն պիտի յառաջացնէ, ոչ թէ ներկայի զանազանութիւններուն տուրք տալով, այլ պատրաստուելու համար այժմեան եւ գալիք մարտահրաւէրներուն դիմադրելու: Միամիտ պէտք է ըլլալ խորհելու համար, որ պատերազմը աւարտած է: Ըսուած է, որ հրադադարի համար ուժերը կը կանգնին հոն ուր որ են: Այդքա՛ն:

            Պէտք է գիտակցիլ, որ հրադադարը խաղաղութիւն չէ:

            Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի զինուելու եւ հաւանական պատերազմի մը պատրաստուելու կարելիութիւնները տարբեր էին եւ տարբեր են: Ազրպէյճանի նաւթային հարստութենէն լայն բաժին յատկացուեցաւ պատերազմի, սպառազինման: Իսկ Հայաստան բուռն թափով նետուեցաւ անհատական հարստացման եւ դիրքերու նուաճման արշաւի, փակագիծի մէջ դրաւ էական հաւաքականը: Այս ինքնաքննադատութիւնը չարախօսութիւն չէ, այլ նախապատրաստութիւն վերականգնումի:

            Խորհրդային կարգերէն ետք, Հայաստանի մէջ չզարգացաւ միջին խաւ, որ երկրին հաւաքական ուժը ըլլար, հրաշքով յայտնուեցաւ սակաւապետութիւն, յայտնուեցան հարուստներ, որոնց մասին իմացուեցաւ միջազգային գնահատումներու շրջանակի մէջ, մամուլ եւ այլ: Հայաստան նաւթ չունէր, որ իրեն ապահովէր մնայուն եւ աստղաբաշխական հարստութիւն, որ ծառայէր անհատներուն, ժողովուրդին, երկրին եւ բանակին:

            Հայաստան չպատրաստուեցաւ նոր եւ դարու պատերազմին, որուն համար զոհողութիւն եւ անհատական հերոսութիւն կարեւոր ըլլալով հանդերձ որոշիչ չէին կրնար ըլլալ:

            Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ, կրնայ նախաձեռնել, ունենալ բաւարար հեղինակութիւն, որպէսզի կարող, ատակ, հեղինակաւոր եւ անմիջականէն անդին նայող մարդիկ ԾՐԱԳՐԵՆ ԳԱԼԻՔԸ, վստահութիւն ներշնչեն եւ լսուին:

            Պատմութիւնը կը սորվեցնէ, որ յաղթանակ եւ պարտութիւն վերջնական չեն: Իմաստութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ պէտք է պատրաստ ըլլալ դիմագրաւելու պատմութեան աստեղային պահը, որ միջազգային յարաբերութիւններու նոր եւ կրկնուող խաղն է: Երբեմն պէտք է յիշել Աւետարանի Իմաստուն Կոյսերու առակը, եւ չսպառել լապտերներու իւղը՝ պատրաստ ըլլալու համար

            Որպէսզի չսպառինք տեւաբար աւաղելով սխալներու վրայ, ներելու պէս սրբագրենք զանոնք, սրբագրենք ներելով, եւ ճամբայ ելլենք վաղուան համար: Կիրքով, քէնով, անվերջանալի դատերով, դատաստաններով եւ հաշուեյարդարներով ապագայ եւ յաղթանակ չեն կառուցուիր: Քէնը կը ծնի նոր քէն, եւ այդպէս շարունակ… Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:

            Պարտութիւնը խցան պէտք չէ ըլլայ Հայաստանը եւ հայութիւնը յուսալքման մէջ պահելու:

            Պարտութիւնը գերանցելու համար փորձենք յաղթանակ տանիլ մենք մեզի դէմ եւ մեծնանք:

            Յիշել քսանհինգ դարերու խորքէն եկող մեծ իմաստուն Պղատոնը. «Մեծագոյն յաղթանակը սեփական անձին դէմ տարուած յաղթանակն է»:

            Սկսիլ՝ աշակերտելով իմաստութեան եւ ո՛չ ընչաքաղցութան, ո՛չ կիրքին եւ ո՛չ կեղծիքին, որպէսզի դառնանք գոյապահպանման ուժ:

            Ոչ թէ ղեկավար փոխել, այլ՝  մտայնութիւնները: