ՀՀ Զինուած Ուժերուն Մէջ Սկիզբ Առած է Ուսումնական Նոր Փուլը

Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ Փետրուար 15-ին զինուած ուժերուն մէջ սկիզբ առած է ուսումնական նոր փուլը, որուն առիթով իրականացած են հանդիսաւոր արարողութիւններ։

Այս ընթացքին՝ հրամանատարները պետական պարգեւներ յանձնած են ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին առանձնակի արիութիւն ցուցաբերած շարք մը պահեստազօրայիններու։