ԹՇՆԱՄԻի Կրակոցէն Երասխի Մէջ Զինծառայող Մը Զոհուած է

Մարտ 22-ին, ժամը 16:20-ի սահմաններուն, Երասխի հատուածին վրայ տեղակայուած մարտական դիրքի վրայ՝ ԹՇՆԱՄԻի կրակոցէն զոհուած է ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Արշակ Սերիոժայի Սարգսեանը: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան […]

Արցախի Շրջափակումը Դէմ է Մարդկային Արժանապատուութեան ու Միջազգային Օրէնքին․ Արամ Ա․-ի Պատգամը՝ Արցախի Հանրապետութեան Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով

Այսօր հարիւրերորդ օրն է Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած Արցախի շրջափակումին: Չենք կրնար լուռ մնալ միջազգային համայնքին եւ մեր մօտ թէ հեռու բարեկամներու անտարբերութեան դիմաց: Փաստօրէն ցեղասպանութեան համազօր անմարդկային արարք մըն է […]

Արցախի 100-օրեայ Շրջափակման Առիթով Բողոքի Ցոյց՝ Սթոքհոլմի Մէջ

ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցները կը շարունակեն իրենց ձայնը բարձրացնել աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ՝ իբրեւ աջակցութիւն Արցախի եւ արցախահայութեան: ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդական միութիւնը, Մարտ 21-ին, Արցախի 100-օրեայ շրջափակման առիթով, մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ […]

Արցախը 100 Օր Շրջափակուած է, Իշխանութիւնը Յանցաւոր Լռութիւն Կը Պահպանէ. Արշակ Մեսրոպեան

Մենք պիտի շարունակենք մեր գործողութիւնները։ Պէտք է ցոյց տանք, որ չենք հանդուրժեր այսօրուան իրականութիւնը կապուած Արցախի հետ, չենք հանդուրժեր լռութիւնը։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, Մարտ 22-ին, կառավարութեան դիմաց տեղի ունեցած […]

Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս Ստեփանակերտի Մէջ (լուսանկարներ)

«Ամէն ոք իր մասին է մտածում, իր երկրի սահմաններից այն կողմ եթէ նայող կայ, նայում է միայն յանուն իր շահերի: Ոչ ոք ոչ մի մարդ չի ուղարկի տաճկական ճակատ՝ տուն […]

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Լիբանանահայ Պատանիներու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Մենք` լիբանանահայ պատանիներս, կը դատապարտենք Ազրպէյճանի շրջափակումը մեր հայրենիքի կարեւոր հատուածին՝ Արցախին: 100 օրերէ ի վեր Արցախի պատանիները կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ: Անոնք, բոլոր պատանիներուն նման, իրաւունք ունին հայրենիքին մէջ […]

Վերահաստատէք Արցախի Բնիկ Ժողովուրդին Ազգային Ինքնորոշման Իրաւունքը

ՀՅԴ ԶՈՄ եւ ԼԵՄ բողոքագիրներ յանձնեցին Լիբանանի մէջ օտար դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու Արցախի շրջափակման 100-րդ օրուան առիթով, ՀՅԴ աշխարհասփիւռ երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներուն կազմակերպած ցոյցերու եւ բողոքի արտայայտութեան շրջագիծին մէջ, այսօր […]

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ ԱԵՄ-ի Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուած է (լուսանկարներ)

Արցախը շրջափակման մէջ է 100 օր։ Թշնամի ազրպէյճանը արդէն 100 օր է, որ չի կրնար հասնել իր դաւադիր նպատակներուն՝ հայաթափել Արցախն ու գրաւել զայն։ 2020թ․ դաժան պատերազմէն ետք թէեւ վիրաւոր, […]

ՀՅԴ Սուրիոյ Ուսանողական, Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւնները Աջակցութիւն Կը Յայտնեն Արցախահայութեան

ՀՅԴ Սուրիոյ Ուսանողական, Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու ընկերները իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն Արցախահայութեան: Սուրիահայութիւնը տարիներու ընթացքին իր զօրակցակութիւնը յայտնած է ոչ միայն խօսքով, այլ՝ նաեւ գործով, որուն մեծագոյն փաստն է՝ […]

Արցախի Հանրապետութեան Շրջափակման 100-րդ Օրուան Հետ Կապուած Ջաւախքի Պատանեկան Միութիւնը Բողոքի Ցոյց Իրականացուցած է Ախալքալաքի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման 100-րդ օրուան հետ կապուած Ջաւախքի պատանեկան միութիւնը բողոքի ցոյց իրականացուցած է Ախալքալաքի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։ «Արդէն 100 օր է, որ ազրպէյճանի կեղծ բնապահպաններուն կողմէ […]