ալիեւը Անգամ Մը Եւս Ըսած է՝ Հայե՛ր, Խաղաղութիւն Պիտի Չըլլայ, Մենք Ձեզ Վերացնելու Համար Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք․ Ալվինա Աղաբաբեան

Աշխարհ, Հայաստան

Պետութիւն-ահաբեկիչ ազրպէյճանի պարագլուխ ալիեւը լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին բառացի ըսած է․

«Օր մը անոնք (հայերը) պիտի բանան աչքերը եւ իրենց գլխավերեւը տեսնեն ազրպէյճանական դրօշակը»։

Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա։

Ասիկա կը նշանակէ՝ ալիեւը անգամ մը եւս ըսած է՝ հայե՛ր,

  • խաղաղութիւն պիտի չըլլայ, մոռցէք խաղաղութեան մասին, նման բան չկայ,
  • որքան զիջիք, ես աւելին պիտի պահանջեմ, ու այդպէս այնքան, մինչեւ հասնիմ Երեւան,
  • մենք ձեր հետ խաղաղ ապրիլ չենք ուզեր, մենք կ՝ուզենք, որ դուք վերանաք տարածաշրջանէն ե՛ւ իբրեւ պետութիւն, ե՛ւ իբրեւ ազգ,
  • մենք ձեզ վերացնելու համար պիտի ընենք ամէն ինչ ու այնքան ժամանակ, մինչեւ ազրպէյճանի դրօշակը ծածանի Երեւանի կեդրոնը՝ կառավարութեան շէնքի գլխուն։

Ալվինա Աղաբաբեան

Ռազմավարական հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի ղեկավար