Գոնէ Հիմա Կը Հասկնա՞ք, որ ազրպէյճանի Իշխանութեան Ներքոյ Արցախի Ժողովուրդին Անվտանգութիւնը Ապահովելու Միջոց Չկայ. Գեղամ Ստեփանեան

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Twitter-ի իր էջին մէջ հրապարակած է լուսանկար՝ գրելով, որ ալիեւը իր ամէն քայլով կ՝ապացուցէ, որ մենք իրաւացի ենք՝ յայտարարելով, որ ազրպէյճանական իշխանութեան ներքոյ Արցախի […]

«Աւրորայի Արշալոյսը» Centre Film Festival Փառատօնի Լաւագոյն Վաւերագրական Ֆիլմ

Centre Film Festival փառատօնին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Աւրորայի արշալոյսը» (Aurora’s Sunrise) ֆիլմը արժանացած է ԱՄՆ-ի մէջ լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմի մրցանակին: Այս մասին նշուած է ֆիլմի Facebook-եան էջին մէջ: «Աւրորայի […]

Թեհրանի Հայոց Թեմին Կողմէ եւ Համայնքի Նիւթական Նուիրատուութիւններով՝ Արցախահայութեան Յատկացուած Օգնութիւններուն Երկրորդ Բեռնաքանակը Պատրաստ է

Թեհրանի հայոց թեմին կողմէ Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն օգնելու համար, Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախումբը շարունակելով իր աշխատանքները, ապահոված է օգնութիւններու երկրորդ բեռնաքանակը, որ արդիւնքն է […]

«Արցախը եւ Մենք»՝ Համազգայինի Մարսէյի Քուրանտարի Կազմակերպած Երեկոն

Կազմակերպութեամբ Մարսէյի Համազգայինի Courants d’Art գեղարուեստի դպրոցի վարչութեան, Կիրակի, 5 Նոյեմբերի երեկոյեան, L’acte 12 սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մասին զեկուցում զրոյց մը։ Զեկուցաբերներն էին` Եւրոպայի Հայ Դատի Ֆրանսայի ներկայացուցիչ […]

Փարիզը Կոչ Կ՝ընէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Բանտարկեալները

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օգամբոյի հետ քննարկած է արցախահայութեան հարցը։ Այս մասին քաղաքապետը տեղեկացուցած է X-ի իր էջով: Իտալկոյի խօսքով՝ ազրպէյճանը մեղաւոր է […]

UNICEF-ը 2500 Սնունդի Փաթէթ Ուղարկած է Կոտայքի Մարզ Հաստատուած Փախստական Ընտանիքներուն

Կոտայքի մարզ հաստատուած փախստական ընտանիքներուն համար UNICEF-ը ուղարկած է 2500 սնունդի փաթէթ։ Այս մասին ըսուած է UNICEF Հայաստանի Facebook-ի յայտարարութեան մէջ։ «Իւրաքանչիւր փաթէթ կը պարունակէ տասնչորս սննդատեսակ: Ընտանիքի իւրաքանչիւր երեխայի […]

Համիլթընի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արցախահայութեան Ի Նպաստ Նուիրահաւաք

Ընդառաջելով ՀՕՄ-ի կոչին, Համիլթընի մէջ, Նոյեմբեր 5-ի կէսօրէ ետք, ժամը 2-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան եւ ՀՕՄ-ի «Արեւ» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներու զօրակցական-հանգանակային ձեռնարկ։ Օրուան հանդիսավարն էր […]

Անընդունելի է Արցախցիներուն Գործօնը Ներքաղաքական Խմորումներու Մէջ Օգտագործելը. Յայտարարութիւն

Արցախի պետականութեան պահպանման յանձնախումբը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ Նոյեմբեր 1-ին տեղի ունեցած Արցախի պետականութեան պահպանման եւ յետագայ քայլերը ԱՀ Նախագահի եւ ԱՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու հետ համատեղ քննարկելու նպատակով կազմակերպուած […]

«Բովանդակութիւն» Ներկայացումով Բացուեցաւ Աշտարակի Դրամատիկական Թատրոնը

Բացուեցաւ Աշտարակի դրամատիկական թատրոնը, որուն գեղարուեստական ղեկավարը Գոռ Մարգարեանն է։ Այս մասին կը տեղեկանանք Աշտարակի Դրամատիկական Թատրոնի Facebook-ի էջէն։ Հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունեցաւ վայելելու «Բովանդակութիւն» ներկայացումը, որ բեմադրուած է Եղիշէ Չարենցի […]

ԼՂ-էն Տեղահանուածները Կենսաթոշակ Պիտի Ստանան Բնակութեան Վայրի Հասցէով Հաշուառուած Ըլլալու Պարագային

Անկախ ԼՂ-ի մէջ կենսաթոշակ կամ նպաստ ստացած ըլլալու հանգամանքէն՝ ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած անձերը ՀՀ-ի մէջ կենսաթոշակի կամ նպաստի իրաւունք պիտի ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով: Այս մասին կը յայտնէ […]