«Շուշին՝ Կովկասի Մարգարիտ» Գիտաժողովը՝ Ֆրանսայի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Դեկտեմբեր 11-12 Ֆրանսայի «Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային ուսումնարան»-ին (INALCO) մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշին՝ Կովկասի մարգարիտ» խորագիրով երկօրեայ գիտաժողովը, որ կազմակերպուած էր «Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային ուսումնարան» (INALCO) հիմնադրամին եւ «Յիշատակարան» նախագիծին նախաձեռնութեամբ:

Գիտաժողովի բացման` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան ներկաներուն փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութիւնն ու գնահատանքը։

Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի փոխնախագահ Փիեռ Ուզուլիասը։

Գիտաժողովին ներկայ էին Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեանը, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաճեանը, Ֆրանսայի մշակութային ժառանգութեան ազգային ուսումնարանի տնօրէն Շառլ Փերսոնազը, հայ եւ օտարերկրացի գիտնականներ, քաղաքական, հասարակական ու մշակութային գործիչներ:

Գիտաժողովին ընթացքին ներկայացուեցան զեկոյցներ՝ նուիրուած Շուշիի եւ առհասարակ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն եւ ուղենշուեցան այդ ուղղութեամբ հայ ու ֆրանսացի գործիչներու համագործակցութեան ճանապարհները։

Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան բանախօսեց «Շուշին որպէս կրթական եւ հոգեւոր կեդրոն Արցախի թեմին մէջ եւ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութիւնը Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ» թեմայով, ինչպէս նաեւ ներկայացուց ազրպէյճանի կողմէ հայոց սրբավայրերու թիրախաւորման եւ պատմամշակութային արժէքներու ոչնչացման փաստագրուած ապացոյցներ ու միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերու առաջարկներ։