Թեհրանի Հայոց Թեմին Կողմէ Արցախէն Տեղահանուած Հայրենակիցներու Օգնութիւնը Ընթացքի Մէջ է

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն աջակցելու նպատակով՝ Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախումբը Դեկտեմբեր 11-ին Հայ հասարակական միութեան (Հայ ակումբ) յարկին տակ գումարած իր նիստին ընթացքին, համապարփակ գիծերով անդրադարձաւ մինչ այժմ կատարուած աշխատանքներուն: Նիստին ներկայ էին Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանը եւ Թ.Հ.Թ. Թեմական խորհուրդի ատենապետ ճրտ. Նորայր Արամեանը։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԼԻՔ»-ը։

Թեմին կողմէ Հայաստան առաքուած բեռնաքանակի կարգավիճակին մասին յանձնախումբի ատենապետ Ալֆրէդ Քեշիշեան ուղղակի կապ հաստատեց Հայաստանի մէջ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչին հետ, եւ տեղեկացաւ, որ այդ հարցով ստեղծուած շարք մը մաքսային խոչընդոտները արդէն կը կարգաւորուին: Նշուեցաւ նաեւ, որ շուտով պիտի առաքուին թեմիս կողմէ գնուած վառարանները եւս: