Եթէ Անգամ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի Միջեւ «Խաղաղութեան Պայմանագիր» Ստորագրուի՝ Անիկա Չի Կրնար Փակել Արցախի Հարցը․ Արցախը Ինքնորոշուած է Իր Տարածքին Վրայ եւ Ոչ Թէ Այլ Պետութեան․ Բալայեան

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախը իր անկախութիւնը ունեցած է ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ եւ ՀՀ ստորագրած որեւէ փաստաթուղթ չի կրնար արցախահայութիւնը զրկել այդ իրաւունքէն։ «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այդ մասին ըսած է Արցախի Խորհրդարանի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան։

«ՀՀ ստորագրած ոչ մէկ փաստաթուղթ իրաւական առումով չի կրնար խանգարել, որ արցախահայութիւնը իրացնէ ինքնորոշման իրաւունքը։ Իհարկէ, եթէ, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան պայմանագիր» ստորագրուի՝ առանց Արցախի հետ կապուած վերապահման, ուստի յետագային հնարաւոր է ատիկա պատրուակ դառնայ ու բարդացնէ մեր ճանապարհը։ Այսինքն, ինչպէս ՌԴ-ն ըսած է, թէ ՀՀ իշխանութիւնը ճանչցած է Արցախը ազրպէյճանի մաս, ոչինչ կրնանք ընել, այնպէս ալ այդ պայմանագիրը կրնան պատրուակ դարձնել, եթէ չցանկանան, որ Արցախի հարցը լուծում ստանայ, բայց կը կրկնեմ՝ ատիկա իրաւական առումով չի կրնար խանգարել, որ շարունակենք ինքնորոշման ճանապարհը։ Չմոռնանք, որ Արցախը ինքնորոշուած էր իր տարածքին վրայ եւ ոչ թէ ազրպէյճանի կամ այլ պետութեան»,-ըսած է Բալայեան եւ համոզմունք յայտնած, որ որեւէ «խաղաղութեան պայմանագիր» չստորագրուիր, քանի որ պաքուի ախորժակը բաւական մեծ է եւ անիկա չէ սահմանափակուած Արցախով, այլ կ՝ուզէ գրաւել ամբողջ Հայաստանը։

Դիտարկելով համաշխարհային փորձը՝ պատգամաւորը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն յանգամանքի վրայ, որ պատմութեան ընթացքին եղած են բազմաթիւ դէպքեր, որ փաստաթուղթերն ու պայմանագրերը կնքուելէ որոշ ժամանակ անց խախտուած են․

«Իհարկէ, ցանկալի է ստորագրել այնպիսի պայմանագիր, որ կը բխի քո՛ւ ազգիդ շահերէն, բայց որեւէ փաստաթուղթ չէ խանգարած, որ այս կամ այն հարցը կրկին բացուի կամ տարածքներու փոփոխութիւն ըլլայ։ Մոլոդով- Ռիպենդրոբ պայմանագիր եղած է, բայց ատիկա չէ խանգարած, որ Գերմանիան ռազմական գործողութիւն սկսի ԽՍՀՄ դէմ։ Այնպէս որ, եթէ անգամ նման պայմանագիր կնքուի ՀՀ եւ ազրպէյճանի միջեւ, ուստի ատիկա չի կրնար փակել Արցախի հարցը։ Անընդհատ քաղաքական իրավիճակը կը փոփոխուի աշխարհի մէջ, ու մենք պէտք է չդադրինք պաշտպանելէ, տէր կանգնելէ մեր իրաւունքներուն, պիտի չդադրեցնենք հայրենիք վերադառնալու համար պայքարը։ Պէտք է հետամուտ ըլլանք Արցախը ազատագրելու, այնտեղ վերադառնալու հարցին»,- նշած է Բալայեան։