Լոյս Տեսաւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայաստանը եւ Աշխարհաքաղաքական Իրավիճակը Տարածաշրջանում» Գիրքը

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ի անդամ, Խ. Աբովեանի անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանի Համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆէսըր Խաչատուր Ստեփանեանի աշխատասիրութեամբ, յառաջաբանով եւ ՀՊՄՀ պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի խորհուրդին երաշխաւորութեամբ լոյս տեսած է հայ ականաւոր պետական, կուսակցական գործիչ, երկրառազմավարական մտքի եզակի ներկայացուցիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայաստանը եւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը տարածաշրջանում» ծաւալուն հատորը:

Գիրքին մէջ ներկայացուած են մեծանուն գործիչին երկու կարեւոր ուսումնասիրութիւնները, որոնք իրենց բովանդակային ընկալմամբ կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն: Հեղինակը մանրակրկիտ կը վերլուծէ տարածաշրջանին մէջ՝ Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող մեծ տէրութիւններու աշխարհակալական ձգտումներուն անցած ուղին, արդի ժամանակաշրջանին անոնց ընթացքը եւ հնարաւոր զարգացումները: