Լոկ Լոպիինկ․ «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Իւրայատուկ է ատրպէյճանական լոպիինկը. Պաքուի սեւ ոսկիի հորերուն նման գարշահոտ, սակայն ձկնկիթի նման ե՛ւ արդիւնաբեր, ե՛ւ թանկարժէք։

Ամէնայն շռայլութեամբ դրամ ծախսուած է եւ դեռ կը ծախսուի։

Վերջերս, բրիտանական թերթերը հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը մեղադրուին՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կեղծ ընկերութիւններ հաստատած ըլլալու եւ անոնց միջոցով երեք միլիառ տոլար «լուալու» յանցանքով։ Եւ բացայայտ է թէ ո՛ւր գացած են այդ գումարները. այդ գումարները վճարուած են եւրոպացի քաղաքական գործիչներու, Ատրպէյճանի ի նպաստ որոշումներ կայացնելու համար։

Շարքը երկար է ազերիական նենգամիտ եւ ստապատիր լոպիինկի «արքասիք»-ին։
Տասնեակ տարիներէ ի վեր, Ատրպէյճան կ’աշխատի աշխարհի չորս ծագերուն կառուցել յուշահամալիրներ, ի պանծացում ազերի ժողովուրդին եւ անշուշտ՝ երէց Ալիեւին՝ Հայտարին։ Ոտնձգութիւնները կատարուեցան Եւրոպայէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա, Վրաստանէն, Պալթեան երկիրներէն, Ռումանիայէն, Սերպիայէն մինչեւ Լատին Ամերկա եւ Մեքսիքա. այս վերջինին պարագային, կարելի եղաւ պայքարիլ եւ վերացնել տալ։ Յիշեցնենք, որ իր հօր արձանը տեղադրելու համար, Իլհամ Ալիեւ հինգ միլիոն տոլար տրամադրած էր, վերանորոգման ենթարկելով Մեքսիքօ Սիթիի մօտակայ այգիներ։

Խոճալուի «առեղծուած»-ն ալ մինչեւ օրս կ՛օգտագործուի ազերի լոպիիստներու կողմէ։ Պաքու կ՛այպանէր, թէ հայեր ջարդած էին տեղացի ազերիներ, մինչդեռ իրողութիւնը այն էր, որ վտանգաւոր դիրքերէ խոյս տուող մսխեթ բնակիչները սպանդի ենթարկուեցան ատրպէյճանական նահանջող զօրքին կողմէ։ Այդ օրերուն Ատրպէյճանի նախագահը Մութալիպովն էր, որ հայր Ալիեւի ոխերիմ թշնամին էր եւ այս վերջինն էր, որ ծրագրած եւ գործադրած էր այդ ջարդը, նեղ կացութեան մատնելու համար հակառակորդը։

Տարիներէ ի վեր, հետեւողական աշխատանք կը տարուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին, յիշատակելու համար «Խոճալուի ջարդ»-ը: Յիշատակողներուն շարքին են համեմատաբար «աննշան» բայց ահազանգ սփռող յիշատակելի նահանգներ, որոնց կարգին Ճորճիա, Նիւ Մեքսիքօ, Թեքսաս, Միսիսիփի, Արքանսաս, Նեպրասքա, Օքլահոմա, Այտահօ, Օքլահոմա, Ինտիանա, Եութա եւ նոյնիսկ հեռաւոր Հաուայի։ Նոյնիսկ ոտնձգութիւններ եղան Մասաչուսէցի, Մէյնի, Քանեքթիքըթի եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ։

Շարունակենք. Նիւ Եորքի փապուղիներուն մէջ յսկայ պաստառներ, եւրոպական կարգ մը քաղաքներու մէջ, հանրային փոխադրակառքերու վրայ «Խոճալուի ջարդ»-ը՝ շինծու ապրանքը նշող ծանուցումներ. նոյնիսկ օրին, Ֆրանսայի մէջ ազերի լոպիիստները գումար մսխած էին, պատրաստելով ողբերգական երաժշտախառն բեմադրութիւն մը, որ շնորհիւ տեղւոյն հայ գաղութին միջամտութեան, կարելի եղաւ ձախողեցնել։

Կարելի չէ մոռնալ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Ատամզի տկարութիւնն ու համակրանքը՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ (անշուշտ նաեւ՝ Թուրքիոյ), այնքան մը, որ ան մտերմիկ միջավայրի մէջ յայտարարած է, թէ հանգստեան կոչուելէ ետք, մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստուի ապրիլ Պաքուի մէջ․․․։

Թող կրկնութիւն չսեպուի, եթէ այս ցանկին վրայ արձանագրենք արիւնոտ էջ մը եւ յիշել հայ սպայի մը՝ Գուրգէն Մարգարեանի դաժան սպանութիւնը Հունգարիոյ մէջ։ Բացայայտ դարձաւ, որ ատրպէյճանական լոպիիստներու «դրամատուն»-ը շռայլօրէն ծախսած էր, ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ազերի բանակային Ռամիլ Սաֆարովը ազատ արձակել տալու համար։ Սաֆարով մը, որ Մարգարեանի նման անգլերէն լեզուին ծանօթանալու եւ ընտելանալու համար, ՆԱԹՕ-ի հրաւէրով զանազան երկիրներէ հրաւիրուած սպաներէն մէկն էր եւ ռազմադաշտերէ հեռու, մտադրած էր գիր ու գրիչի փոխարէն՝ թուրքին յատուկ նախնադարեան ոճի մը դիմել՝ կացինահարել եւ տեղն ու տեղը սպաննել իր հայ «դասընկեր»-ը՝ Փետրուար 2004-ին։ Հազիւ վեց տարի բանտարկուած մնալէ ետք, ան ո՛չ թէ միայն ազատ ու անկախ վերադարձաւ Պաքու, այլ նաեւ ստացաւ հերոսի կոչում եւ պաշտօնի բարձրացում։

Քառօրեայ եւ ապա 44-օրեայ պատերազմներուն, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ սերտ գործակցութիւն ցուցաբերելով, ազերի լոպին քարոզչութեան լծուած էր եւ շարունակ նախայարձակ կը յայտարարէր Հայաստանը, արագ հաղորդագրութիւններ լոյս ընծայելով։

Իսկ գլուխ-գործոցը, դեռ վերջերս Ատրպէյճանի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար (անշուշտ ծիծաղելի է մարդու իրաւունք եւ Ատրպէյճան հասկացութիւնները քով քովի դնելը) Սապինա Ալիեւայի մէկ ծիծաղելի յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ, թէ՝ 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք, ականներու պայթումներէն մահացած է 65 մարդ, որոնք հիմնականին մէջ քաղաքացիներ են, եւ երեք հարիւրի շուրջ անձեր տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են, ուրեմն… միջազգային դատարանները պէտք է աջակցին եւ Հայաստան պէտք է փոխհատուցում վճարէ կատարուած «ահաբեկչութեան» համար․․․։

Ահա այս բնոյթի լոկ լոպիինկ կիրարկող երկրի մը հետ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կը փորձեն «խաղաղութեան խաչմերուկ» ստեղծել։ Առանց մեկնաբանութեան…։