Յառաջիկայ Շաբաթ Օրերուն Երեւանի Անձնագրային Ստորաբաժանումները Պիտի Սպասարկեն Արցախէն Տեղահանուածները

Հայաստան

Յառաջիկայ Շաբաթ օրերուն ՄՔԾ Երեւանի անձնագրային ստորաբաժանումները պիտի սպասարկեն Արցախէն տեղահանուածները։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Միգրացիայի եւ քաղաքացիութեան ծառայութիւնը:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը Երեւանի անձնագրային ծառայութիւններուն մէջ տեղահանութեան առաջին իսկ օրերուն կը սպասարկուի արտահերթ եղանակով՝ առանց ելեկտրոնային հերթագրման պահանջի, այսուհանդերձ կուտակումներ կ՝առաջանան եւ հերթերը վերահսկելու դժուարութիւններ:

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած եւ ժամանակաւոր պաշտպանութեան տակ վերցուած անձանց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաշուառման եւ փաստաթղթաւորման գործընթացը պատշաճ կազմակերպելու եւ եղած պահանջարկը սեղմ ժամկէտներու մէջ սպասարկելու նպատակով ՀՀ ՆԳՆ միգրացիայի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան Երեւանի տարածքային անձնագրային ստորաբաժանումներուն մէջ յառաջիկայ Շաբաթ օրերը՝ 2023 թուականի Դեկտեմբեր 9, 16 եւ 23, սահմանուած են աշխատանքային օրեր՝ ժամը 09.00-18.00 աշխատանքային եղանակով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։