Category: Աշխարհ
Յոյներու Եւ Հայերու Սպանդներուն Նուիրուած՝ «1922» Ֆիլմին Ցուցադրութիւնը
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական ֆիլմի ընկերակցութիւնը, համագործակցութեամբ «Ապրիլ» գրատան, իր յաջորդ ձեռնարկը պիտի իրականացնէ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին։ Այս ձեռնարկին ընթացքին պիտի ցուցադրուի Նիքոս Քուտուրոսի բեմադրած «1922» ֆիլմը, որ արտադրուած […]
Արցախի Դիրքերը Ռմբակոծած Իսրայէլեան Ընկերութիւնը Կրնայ Ամբաստանուիլ
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29-ին, Իսրայէլի պետական դատախազութիւնը յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի պահանջով՝ անօդաչու թռչող սարքերով Արցախի մէջ հայկական դիրքեր ռմբակոծած իսրայէլեան «Aeronautics Defense Systems» ընկերութեան ներկայացուցիչները հաւանաբար պաշտօնապէս պիտի ամբաստանուին՝ այդ մասին […]
Վանի Աղթամար Կղզիի Սբ. Խաչ Եկեղեցին Պատարագի կը Պատրաստուի
Վան նահանգի Գեւաշի շրջանին մէջ կը շարունակուին Աղթամար կղզիի հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ Սեպտեմբեր 9-ին մատուցուելիք պատարագի պատրաստութիւնները: Երեք տարուան դադարէն ետք՝ եկեղեցին կրկին պիտի բանայ իր դռները հաւատացեալ հոտին առջեւ։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ […]
Գերմանիոյ Մէջ Կը կազմաքանդեն Էրտողանի Ոսկեայ Արձանը
Գերմանական Վիսպատեն քաղաքի իշխանութիւնները Օգոստոս 28-ին որոշած են կազմաքանդել արուեստներու փառատօնի ծիրէն ներս տեղադրուած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ թայիփ էրտողանի չորս մեթրանոց ոսկեայ արձանը; Պատճառը «անվտանգութեան երաշխիքներու» բացակայութիւնն է: Քաղաքի ոստիկանութիւնը պիտի զբաղի արձանի կազմաքանդումով, որ պէտք է աւարտի Չորեքշաբթի առաւօտեան, կը հաղսրդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով Deutsche Welle-ը: Երեքշաբթի երեկոյեան արձանի կողքին բանաւոր վէճեր սկսած էին Էրտողանի կողմնակիցներու եւ հակառակորդներու միջեւ: Ոստիկանութիւնը յայտարարած էր […]
Էրտողան Որոշած է Վանայ Լիճի Ափին Նախագահական Պալատ Կառուցել
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Մանազկերտի ճակատամարտի յաղթանակի օրուան նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին յայտնած է, որ որոշած է Վանայ լիճի ափին գտնուող Խլաթ քաղաքին մէջ նախագահական պալատ կառուցել: Ըստ News.am-ի՝ վկայակոչելով […]
ՀԱՊԿ-ին Եւ ԵԱՏՄ-ին Ատրպէյճանի Անդամակցութեան Հարց Դիտարկելու Պարագային Հայաստան Պիտի Օգտագործէ Վեթոյի Իր Իրաւունքը. ՀՀ ԱԳՆ
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան Ատրպէյճանի անդամակցութեան հարցը դիտարկելու պարագային Հայաստան պիտի օգտագործէ վեթոյի իր իրաւունքը: Օգոստոս 28-ին կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործեց […]
Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Շէնքը 1.5 Միլիոն Տոլարով Ծախու Կը Հանուի
Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքի Սեթպաշ թաղամասին մէջ գտնուող եւ մօտաւորապէս 300 տարուան հինութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին վաճառքի հանուած է՝ 1.5 միլիոն տոլարով, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը: Եկեղեցւոյ վաճառքին մասին յայտարարութիւնը «սեփականատիրոջ» կողմէ […]
«Թուրքիան՝ Արեւմուտքի Համար Գլխացաւանք». «BBC»-ի Յօդուածը
Թուրքիան կարեւոր է Արեւմուտքի համար, սակայն Ուաշինկթընի եւ Եւրոմիութեան որոշ երկիրներու մէջ այժմ կը փորձեն հասկնալ, թէ`որքանո՞վ: Այս մասին ըստ News.am-ի՝ կը նշուի BBC-ի թղթակից Ջոնաթան Մաքկուսի յօդուածին մէջ: Ամերիկացի որոշ փորձագէտներ նոյնիսկ վստահ չեն, որ Թուրքիան կրնայ համարուիլ Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական դաշնակիցը: Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի նշանակալից անդամ է, եւ այդ երկրի ռազմակայանները կարեւոր […]
Հայ-թրքական Սահմանը Ապօրինի Հատած Փաքիստանի Քաղաքացիներ Ձերբակալուած են
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցները հայ-թրքական սահմանը ապօրինի հատած երկու անձ ձերբակալած են: Ըստ «Արմենփրես»-ի` ծառայութեան ընթացքին սահմանապահ հերթափոխը Թուրքիոյ տարածքին նկատած է երկու անյայտ անձ, որոնք […]
Նշանաւոր Սասունցի Հայ Ոսկերիչին Մասին Անդրադարձած է Թրքական Լրատուամիջոցը
Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը հարցազրոյց մը ունեցած է Թուրքիոյ մէջ նշանաւոր հայ ոսկերիչ Վիքթոր Օճալի հետ, որ իր յուրօրինակ մօտեցումներով յայտնի է յատկապէս գոհարագործութեան ոլորտին մէջ: Արմատներով պատմական Սասունի Նիչ գիւղէն Օճալներու ընտանիքը շուրջ 4 տասնամեակէ ի վեր կը բնակի Պոլիս, ուր ծանօթացած են ոսկերչական արուեստին` պոլսահայ վարպետներէ իւրացնելով […]










