Վանի Մէջ Հայերու Կառուցած Պատմական Կամուրջը Ասֆալտապատած Են. Բնակիչները Բողոքած են

Աշխարհ, Էրկիր

Վանի Բերկրիի շրջանին մէջ 200 տարի առաջ հայերու կողմէ կառուցուած քարէ կամուրջի ասֆալտապատումը մեծ արձագանգ գտած է տեղի բնակչութեան մօտ:

Ըստ «Նիուզ»-ի՝  վկայակոչելով Milliyet–ը` Բերկրի գետի վրայ կառուցուած քարէ կամուրջը Վանի պատմական կառոյցներու շարքին է, որու պատճառով տեղի բնակիչները ասֆալտապատուած կամուրջը տեսնելէ ետք բողոքած են տարբեր ատեաններ:  Բողոքը արդիւնք տուած է․ ասֆալտապատող ընկերութիւնը քանդած է ասֆալտը եւ կամուրջը բերած իր նախկին տեսքին: