Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Փոխանորդ Աթէշեան Շնորհակալութիւն Յայտնած է Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն

Աշխարհ, Սփիւռք

Սեպտեմբեր 9-ին Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 3 տարուան դադարէ ետք Խաչվերացի տօնէն մէկ շաբաթ առաջ կրկին պատարագ մատուցուած է:

Ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ Կ.Պոլսի Հայոց պատրիարքութեան փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք ջանք ու եռանդ ներդրած են պատարագի մատուցման համար:

Աթէշեան իր խօսքին մէջ պնդած է, որ «պետութեան ղեկավարները հնարաւոր ամէն բան ըրած են, որպէսզի խաղաղութիւն հաստատեն երկրին մէջ»:

«Հայ համայնքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ պարոն նախարարին, նահանգապետին եւ մասնաւորապէս մեր յարգարժան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին»- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ պատարագին մասնակցած են Թուրքիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաններ, որոնց կարգին` Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյ: