Կը Մեկնարկէ Երեւանի Աւագանիի Արտահերթ Ընտրութիւններուն Նախընտրական Քարոզարշաւը

Հայաստան

Այսօր կը մեկնարկէ Երեւանի աւագանու արտահերթ ընտրութիւններուն քարոզարշաւը, որ կը շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 21: Յառաջիկայ 11 օրերու ընթացքին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական ուժերը երեւանցիներուն պիտի ներկայացնեն իրենց նախընտրական ծրագիրները, հանդէս պիտի գան Երեւանի խնդիրներուն լուծում տալու սեփական տեսլականով:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Panorama»-ն Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն կը մասնակցի 12 քաղաքական ուժ: Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին մէջ արձանագրուած են  «Բարգաւաճ Հայաստան», «Ժառանգութիւն», ՀՅԴ, «Հայք», «Երկիր ծիրանի», «Ռեֆորմիստներ», «Ժողովրդավարական ուղի», «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնները, «Իմ քայլը», «Երեւանցիներ», «Երեւանի հանրութիւն», «Լոյս» դաշինքները:

«Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը  քարոզարշաւի մեկնարկը պիտի ազդարարէ  Շառլ Ազնաւուրի անուան հրապարակէն:  Քարոզարշաւի մեկնարկը պիտի ուղեկցուի բացօթեայ ասուլիսով: «Ժառանգութեան» համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը:

«Լոյս» դաշինքը  քարոզարշաւի մեկնարկը պիտի տայ «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցէն` ներկայացնելով նախընտրական ծրագիրը: Դաշինքի քաղաքապետի թեկնածուն Արտակ Զեյնալեանն է:

«Իմ քայլը» դաշինքը քարոզարշաւը պիտի սկսի Էրեբունի վարչական շրջանէն: Դաշինքի աւագանու համամասնական ցուցակի ներկայացուցիչները օրուան ընթացքին  բակային հանդիպումներ  կ՛ունենան, իսկ երեկոյեան Էրեբունի վարչական շրջանի հրապարակին վրայ օրը պիտի եզրափակեն հանրահաւաքով: «Իմ քայլը» դաշինքի քաղաքապետի թեկնածուն Հայկ Մարութեանն է:

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը քարոզարշաւի մեկնարկը պիտի տայ Նուբարաշէն համայնքէն: Կուսակցութեան քաղաքապետի թեկնածուն Նայիրա Զոհրաբեանն է:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Երեւանի 2018 թուականի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն իր քարոզարշաւի մեկնարկը պաշտօնապէս պիտի ազդարարէ Սեպտեմբեր 10-ին, ժամը` 18:00-ին, Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի մօտէն: Կուսակցութեան համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ Միքայէլ Մանուկեանը:

«Երեւանի հանրութիւն» դաշինքը քարոզարշաւը կը մեկնարկէ ասուլիսով: «Երեւանի հանրութիւն» կուսակցութիւններու դաշինքի ծրագրային հիմնադրոյթներու եւ մեկնարկող քարոզարշաւի մասին» թեմայով հրաւիրուած ասուլիսին պիտի խօսին դաշինքի նախընտրական ցուցակը գլխաւորող Անահիտ Թարխանեանը,  Արամ Գրիգորեանը եւ Արմէն Յովհաննիսեանը:

«Հայք» կուսակցութիւնը քարոզարշաւը պիտի սկսի Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ նախընտրական թերթիկներ բաժնելով: Կուսակցութեան համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ Գէորգ Յովսէփեանը:

«Ռեֆորմիստներ»-ու կուսակցութիւնը  քարոզարշաւի մեկնարկը պիտի տայ համակիրներու հաւաքով, ուր ելոյթ պիտի ունենայ կուսակցութեան նախագահ Վահան Բաբայեանը: Կուսակցութեան քաղաքապետի թեկնածուն Արտակ Աւետեանն է:

«Ժողովրդավարական ուղի» կուսակցութիւնը դեռեւս որոշում չունի, թէ ինչպէս տան քարոզարշաւի մեկնարկը: Կուսակցութիւնը կը նախատեսէ քարոզարշաւը իրականացնել բակային հանդիպումներով: Կուսակցութեան քաղաքապետի թեկնածուն Մանուէլ Գասպարեանն է:

«Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնը դեռ չէ յայտնած, թէ ինչպէս սկսին քարոզարշաւի մեկնարկին: Կուսակցութեան համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ Մհեր Շահգելդեանը:

«Երկիր ծիրանի» կուսակցութիւնը եւս չէ յայտնած, թէ ինչպէս տան քարոզարշաւի մեկնարկը: «Երկիր ծիրանի» կուսակցութեան համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ Զարուհի Փոստանջեանը:

Քարոզարշաւի մեկնարկի մասին որոշում դեռ չէ կայացուցած նաեւ «Երեւանցիներ դաշինքը: Դաշինքի քաղաքապետի թեկնածուն Արարատ Զուրաբեանն է:

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբեր 23-ին: