Հայաստանը ՖԵՄԿ Նոր, Բայց Վստահ ու Հպարտ Անդամ է. Զոհրապ Մնացականեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի համար մեծ պատիւ ու պատասխանատւութիւն է հիւրընկալելու Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան (ՖԵՄԿ) 17-րդ գագաթնաժողովը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ՖԵՄԿ գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժանի հետ այսօրուան ասուլիսին ընթացքին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:

«Միշէլ Ժանի այցը տեղի կ՝ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովէն մէկ ամիս առաջ, ուստի պատահական չէ, որ մեր քննարկման հիմնական թեման նոյնինքն գագաթնաժողովն է: Քննարկած ենք այն գերակայութիւնները, որ կան մեր ու ֆրանսախօս երկիրներու օրակարգին վրայ»,- նշած է Մնացականեան:

Նախարարը ընդգծած է, որ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը՝ իբրեւ լեզուի բազմազանութեան եւ ֆրանսերէնի տարածման լծակ կարեւոր դեր ունի Հայաստանի համար: Անոր համոզումով՝ լեզուն կարեւոր գործիք է՝ առաջ տանելու ընդհանուր արժէքները, նպատակները, համագործակցութիւնը: «Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը հարուստ է իր անդամակցութեամբ, կը ներառէ ափրիկեան մայրցամաքի, հարաւային, հարաւ-արեւելեան Ասիոյ, Լատինական Ամերիկայի, Գարիպեան տարածաշրջանի, Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի երկիրներ, որոնք կ՝աշխատին միասին, կ՝օգտագործեն համագործակցութիւնը ընդհանուր արժէքները առաջ տանելու համար. ինչպէս բազմազանութիւնը, համերաշխութիւնը, մարդասիրութիւնը, մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը»,- նշած է ՀՀ ԱԳ նախարարը:

Մնացականեան շեշտած է, որ այդ արժէքները առաջ տանելու շուրջ է, որ կառուցուած են գագաթնաժողովի գերակայութիւնները: «Նպատակ ունինք հնարաւորինս փորձնական արդիւնքներ ունենալ ինչպէս գագաթնաժողովին, այնպէս ալ 2018-2020 թուականներու մեր նախագահութեան ընթացքին: Վստահ եմ, որ գագաթնաժողովը մեծ եւ ուրախ իրադարձութիւն պիտի ըլլայ Հայաստանի համար: Կը փորձենք որքան հնարաւոր է ցոյց տալ մեզի ու մեր մշակոյթը, արժէքները»,- ըսած է Մնացականեան:

Չբանալով բոլոր փակագիծերը՝ ան ընդգծած է, որ գործընկեր երկիրներու հետ աւարտին կը հասցուին բանակցութիւնները գագաթնաժողովի արդիւնքներով ստորագրուելիք փաստաթուղթին շուրջ: Ան նաեւ յայտնած է, որ պիտի ընդունուին կարեւոր բանաձեւեր կանանց ու տղամարդկանց իրաւահաւասարութեան, երիտասարդութեան թեմաներով: Պիտի գումարուի նաեւ տնտեսական ժողով՝ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններուկեդրոնէն ներս:

Բացի այդ, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, Հոկտեմբեր 7-12 պիտի գործէ Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը, ուր շուրջ 40 տաղաւարներու մէջ պիտի ներկայացուին հայկական մշակոյթը, արուեստն ու արհեստը: Եզրափակիչ համերգին հանդէս պիտի գան ֆրանսախօս աշխարհի տարբեր ներկայացուցիչներ:

«Հայաստանի համար ասիկա բաւական մեծ պատիւ է եւ պատասխանատւութիւն: Մենք Ֆրանսախօս երկիրներու նոր, բայց բաւական վստահ ու հպարտ անդամ ենք եւ մեր գործունէութեամբ ու անդամակցութեամբ կը փորձենք բազմակողմ համագործակցութեան այս հարթակը օգտագործել՝ առաջ տանելու այն ընդհանուր արժէքները, որոնք կը միաւորեն անդամ պետութիւնները Ֆրանսախօս երկիրներու ծիրէն ներս»,- յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը: