Հայաստան Այցելած Վանի Քաղաքապետը 9 Տարուան Ազատազրկման Դատապարտուած է

Աշխարհ

Թրքական դատարանը Վանի նախկին քաղաքապետն ու շարք մը քիւրտ գործիչներ դատապարտած է 6-9 տարուան ազատազրկման։

Վկայակոչելով թրքական Ahvalnews-ի տեղեկութիւնները՝ News.am-ը կը հաղորդէ, թէ Վանի նախկին քաղաքապետ Պեքիր Քայայի դատապաշտպանները պահանջած են արդարացնել իրենց պաշտպանեալը, սակայն դատարանը զինք դատապարտած է 8 տարի եւ 9 ամիս ազատազրկան։ Քանի որ քաղաքապետը ստորագրութեամբ ազատ արձակուած է, զայն արագ յայտնաբերելու եւ կալանաւորելու որոշումը լրացուցիչ կայացուած է։

Նախկին քաղաքապետը կը մեղադրուի «ահաբեկչական կառոյցի անդամ ըլլալու» մէջ։

Նշենք, որ քանի մը տարի առաջ՝ Վանի քաղաքապետ եղած ժամանակ՝ Պեքիր Քայեան այցելած էր Հայաստան: