Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր Այցելութիւնս կը Խորհրդանշէ Ամբողջ Ֆրանսախօս Երկիրներու Ընտանիքին Յիշողութիւնը. Միշէլ Ժան

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժան վստահ է, որ մարդկութիւնը պէտք է շարունակէ ապրիլ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան մէջ, բոլոր ժողովուրդները պէտք է շարունակեն ապրիլ միասին: Այս մասին Ժան ըսած է Armenpress.am-ի հետ ունեցած այսօրուան զրոյցին ընթացքին:

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը Սեպտեմբեր 10-ին այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Արդէն երկրորդ անգամ Հայաստան այցելող Միշէլ Ժան նշած է, որ իր այցը Ցեղասպանութեան յուշահամալիր կը խորհրդանշէ ամբողջ ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքի յիշողութիւնը:

«Ապրիլ միասին». ասիկա ա՛յն կարգախօսն է, որուն ներքոյ Երեւանի մէջ պիտի իրականացուի Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովը: Անոր պիտի մասնակցին ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքի անդամ ղեկավարները»,- նշած է Ժան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանին նման կարգախօս ընտրելուն համար:

Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ետք՝ Միշէլ Ժան կիսուած է իր տպաւորութիւններով՝ մէջբերելով ֆրանսացի գրող եւ գրաքննադատ, ակադեմիկոս, գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Անատոլ Ֆրանսի խօսքերը. «Այն քիչ մը արիւնը, որ դեռ կը մնայ, թանկագին է, ու անկէ հերոսական սերունդ մը պիտի ծնի: Ժողովուրդ մը, որ չ՝ուզեր մեռնիլ, չի՛ մեռնիր»:

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 2015-ին, երբ Հայաստանը կը հիւրընկալէր Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մշտական խորհուրդի եւ նախարարական խորհուրդի նիստերը: Առաջին այցին ընթացքին՝ տիկին Ժան ծառ տնկած էր Ծիծեռնակաբերդի ծառուղիին մէջ: Այս այցին ծիրէն ներս՝ ան չէ մոռցած ջրել իր տնկած ծառը: