Պոլսոյ Ընտրութիւններուն Ընդդիմութեան Թեկնածուն 806.415 Ձայնով Յաղթեց Իշխանութեան Թեկնածուին

Պարզ դարձաւ Յունիս 23-ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետի ընտրութիւններուն վերջնական, սակայն ոչ պաշտօնական արդիւնքները: Թուրքիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հաղորդմամբ` ընդդիմադիր  «Ազգ» (Millet) դաշինքը ներկայացնող քեմալական «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP-ԺՀԿ) թեկնածու […]

«Crans Montana» Միջազգային Ժողովին ՀՀ Նախագահը Մրցանակ Պիտի Ստանայ

Զուիցերիոյ մէջ, Յունիս 26-29 կայանալիք «Crans Montana» միջազգային ժողովի ամենամեայ նիստին, նախատեսուած է մրցանակաբաշխութեան արարողութիւն, որուն ժամանակ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան պիտի պարգեւատրուի «PRIX DE LA FONDATION 2019» մրցանակով: Ըստ […]

Էրտողանի՝ Մէկ Մարդու Կառավարման Վարչաձեւը Տապալեցաւ. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Twitter-ի իր էջին վրայ` խօսելով Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւններու արդիւնքներուն մասին, ուր առաջատարի դիրքերուն է Թուրքիոյ Ժողովրդա-հանրապետական ընդդիմադիր կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն: Այս մասին […]

ՄԱԿ-ը Հարցապնդում Յղած է Թուրքիոյ՝ 1915-1923-ին Տեղահանուած Հայերուն Մասին

Առաջնորդուելով համազգային շահերով, մեր պատկան կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու անունով մենք կ՝ողջունենք Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Բռնի կամ հարկադրաբար անհետացած անձանց հարցերով աշխատանքային խումբի, ՄԱԿ-ի Կարծիքի եւ արտայայտութեան ազատութեան աջակցութեան եւ […]

Թուրքիոյ Մէջ Կը Դատեն Արատ Տինքը․ Անոր Կը Սպառնայ ՄԻնչեւ 5 Տարուան Ազատազրկում

Թուրքիոյ մէջ Հրանդ Տինքի որդիին` Արատ Տինքի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է: Արատը կը դատուի այն բանի համար, որ ան ստորագրած է «Խաղաղութեան Հռչակագիր» փաստաթուղթին տակ, զոր հրապարակած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն […]

Ցեղասպանութեան Մասին Գրած Թուրք Գրողը «Կէօթէ» Հիմնարկի Մրցանակը Պիտի Ստանայ

ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ Ամէն տարի, Գերմանիոյ «Կէօթէ» հիմնարկին կը ներկայացուին թեկնածուներ, որոնց ստեղծագործութիւնները կը խրախուսեն մշակոյթներու միջեւ երկխօսութիւնը։ 2019-ին, հիմնարկը հեղինակներու տրամադրուող իր շքանշանը պիտի շնորհէ թուրք ծագումով […]

Պոլթըն Առանձին Հանդիպումներ Ունեցաւ Մնացականեանի Եւ Մամետեարովի Հետ

20 Յունիսին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթընի անջատ հանդիպումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, […]

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը` Ուաշինկթընի Մէջ

Ուաշինկթընի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց […]

Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Բարձրացուցած է Տիարպեքիրի Պատմական Պարիսպներու Փլուզման Հարցը

Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան` Տիրապեքիրէն ընտրուած պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ շրջակայքի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումին  ուղարկած է հարցում, որ կապուած է Տիարպեքիրի պատմական պարիսպներու եւ Հեւսելի այգիներու շրջակայքը իրականացուող «Ազգային այգի» ծրագրի պատճառով պարիսպներուն  եւ այգիին հասցուող վնասին հետ: 7 հարցէ բաղկացած հարցման մէջ Փայլան կը հետաքրքրուի, թէ արդեօ՞ք ծրագիրը կ՛իրականացուի ՅՈՒՆԵՍԿՕ–ի թոյլտւութեամբ, […]

«Լէօնարտօ» Ընկերութեան Հետ Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Ոլորտին Մէջ Գործակցութիւն

Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ Լը Պուրժէի մէջ տեղի ունեցող Փարիզի միջազգային օդանաւորդութեան նշանաւոր ցուցահանդէսին, ուր իտալական «Լէօնարտօ» ընկերութեան ղեկավարներուն հետ քննարկեց տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորոտին մէջ […]