ՀՀ Նախագահը Վստահ է, Որ Հայաստանը Կրնայ Արհեստագիտական ու Գիտակրթական Կեդրոն Դառնալ

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխատանքային այցով Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Զիւրիխի մէջ մասնակցած է գիտութեան ու արուեստի միջազգային STARMUS փառատօնին ծիրէն ներս իրականացուող քննարկումներուն:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ աշխարհահռչակ գիտնականներ, տիեզերագնացներ, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ իրենց տեսակէտները ներկայացուցած են օրակարգային թեմաներուն վերաբերեալ։ Իր խօսքին մէջ, նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնաւորապէս նշած է. «Լիարժէք ապրելու համար մենք պէտք է ամէն օր որեւէ նոր բան սորվինք, բացայայտենք, սիրենք ու ըլլանք ստեղծագործ: Իւրաքանչիւր առաքելութիւն կը սկսի երազանքէ, որ այնուհետեւ կը դառնայ ռազմավարական ծրագիր, վերջինս ալ՝ առաքելութիւն ողջ ազգի համար։ Վստահ եմ, որ մենք առաքելութիւն ունինք մեր երկիրը դարձնելու արհեստագիտութիւններու, գիտութեան ու կրթութեան կեդրոն, որուն համար կան բոլոր նախադրեալները»։

STARMUS փառատօնի ծիրէն ներս՝ նախագահ Սարգսեան նաեւ հանդիպումներ ունեցած է շարք մը մասնակիցներու հետ։

Նախագահը հանդիպած է Գանարեան կղզիներու Աստղագիտական ուսումնարանի տնօրէն Ֆրանչիսքօ Սանչեսի հետ, քննարկած Բիւրականի աստղադիտարանի հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։

Գանատացի յայտնի բնագէտ, 2018թ. Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Տոննա Սթրիքլենտի հետ նախագահ Սարգսեան խօսած է գիտութեան դերին եւ զարգացման արդի միտումներուն մասին: Զրուցակիցները ընդգծած են գիտութեամբ զբաղելու նպատակով երիտասարդութիւնը խրախուսելու եւ ոգեշնչելու անհրաժեշտութիւնը։ Իբրեւ օրինակ՝ Հայաստանի նախագահը նշած է Տոննա Սթրիքլենտի գիտական նուաճումները եւ նշանակալի համարած է անոր աւանդը լազերային բնագիտութեան բնագաւառէն ներս:

Արհեստագիտական առաջընթացն ու Հայաստանի հետ համագործակցութեան հեռանկարները եղած են նախագահ Սարգսեանի եւ «Նեսթ Լապս» ընկերութեան հիմնադիր Թօնի Ֆատելի հանդիպման առանցքային թեմաները: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտէն ներս համաշխարհային ներդրման համար 2017 թուականին Թօնի Ֆատելը արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մրցանակին։

Հանդիպումներէն ետք՝ պատասխանելով STARMUS -ի նշանակութեան վերաբերող հարցին՝ նախագահ Սարգսեան նշած է, որ աշխարհահռչակ գիտնականներու, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներու, տասնեակէ աւելի տիեզերագնացներու (մասնաւորապէս «Աբոլլօ» յայտնի առաքելութեան աստղագնացները), ինչպէս նաեւ աշխարհահռչակ երաժիշտներ համախմբող փառատօնը գիտութիւնը ժողովրդական եւ գրաւիչ դարձնելու ձեւերէն մէկն է: «STARMUS-ը փառատօն է, ուր միասին հանդէս կու գան արուեստը, գիտութիւնը, աստղագիտութիւնը, մեծ գիտնականները, մեծ երաժիշտները»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան: «Երբ կ՝ուսումնասիրես տիեզերքը, բացի գիտական արժէքէն, բացի այն ձեւերէն, մեթոտներէն, որոնք կ՝օգտագործենք՝ հասկնալու տիեզերքը, վերջինս ունի այլ գեղեցկութիւն մը: Հետեւաբար, անիկա նաեւ արուեստ է եւ իմաստով մը ունի բացարձակ ներդաշնակութիւն, որ կրնաս գտնել նաեւ երաժշտութեան մէջ»:

Արհեստագիտական զարգացման թեմային ծիրէն ներս՝ խօսելով ազգերու միջեւ մրցակցութեան մասին՝ Հայաստանի նախագահը մասնաւորապէս ըսած է. «Եթէ ազգը ունի առաքելութիւն, ուրեսն ան իր ողջ ներուժը կը հաւաքէ մէկ տեղ, որ այդ նպատակին հասնի: Ես կը կարծեմ՝ մեր ազգին նպատակներէն մէկը պէտք է ըլլայ դառնալ առաջատար արհեստագիտական, գիտական երկիր»: Ան գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայաստանի մէջ շատ երեխաներ կ՝ուզեն, օրինակ, ծրագրաւորող դառնալ: «Պիտի ուզէի, որ անոնք երազեն ոչ միայն ծրագրաւորող, այլ նաեւ գիտնական՝ մաթեմաթիքոս, բնագէտ, քիմիագէտ, կենսաբան կամ արհեստական բանականութեան մասնագէտ դառնալու մասին, որովհետեւ ապագան անոնցն է: Որպէսզի նման մասնագիտութիւնները դառնան գրաւիչ՝ շատ բան ունին ընելու ե՛ւ նախագահը, ե՛ւ կառավարութիւնը ե՛ւ, ընդհանրապէս, պետութիւնը»,- ըսած է նախագահը: Ան կարեւոր համարած է, որ երիտասարդները ոգեւորուին եւ հասկնան, որ գիտութեամբ զբաղիլը պարտականութիւն չէ: «Գիտութեամբ կամ արհեստագիտութիւններով զբաղիլը պէտք է ուղղակի հաճոյք պատճառէ անոնց, եւ անոնք միաժամանակ զգան, որ իրենք կը զբաղին ամենաժամանակակից, ամենահետաքրքրական գործով, որուն նկատմամբ խոր յարգանք ունին բոլորը»,- նշած է Արմէն Սարգսեան: «Նոպէլեան մրցանակը աշխարհի ամենաբարձր մրցանակներէն մէկն է գիտութեան ոլորտին մէջ, բայց այս փառատօնի սրահին մէջ մարդիկ կան, որոնք յայտնի արուեստագէտներ են, երաժիշտներ են: Եւ անոնք պարզապէս իրենց գլուխը կը խոնարհեն աշխարհահռչակ գիտնականներու առջեւ»:

Եւս մէկ անգամ անդրադառնալով STARMUS-ի յաջորդ փառատօնը Հայաստանի մէջ իրականացնելու իր առաջարկ-հրաւէրին՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան նշած է, որ ատիկ մեր երկիրը համաշխարհային հանրութեան ներկայացնելու եւս մէկ հնարաւորութիւն է, որպէսզի Հայաստանը դառնայ աշխարհահռչակ գիտնականներու, Նոպէլեան մրցանակակիրներու, աստղագնացներու, տիեզերագնացներու, աշխարհի յայտնի երաժիշտներու հանդիպման վայր: «Յոյս ունիմ, որ 6-րդ STARMUS-ը նաեւ մեր երիտասարդները պիտի ոգեւորէ զբաղելու ո՛չ միայն երաժշտութեամբ, արուեստով, այլեւ՝ գիտութեամբ»,- ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: