Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ջատագով Օզտեմիր «Ռաուլ Ուոլընպըրկ» Հիմնարկի Շքանշանը Ստացաւ

Աշխարհ

«Ռաուլ Ուոլընպըրկ» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ 19 Յունիսին տեղի ունեցած հիմնարկի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին «Ռաուլ Ուոլընպըրկ» շքանշանը յանձնուեցաւ թրքական արմատներ ունեցող Գերմանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ճեմ Օզտեմիրին՝ հայերու եւ թուրքերու միջեւ կամուրջներ հաստատելու ջանքերուն նպաստելուն համար։ Այդ ջանքերուն մէջ նշուած է յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումը ապահովելը Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ, որ տեղի ունեցած էր 2016-ին։

Հիմնարկը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Օզտեմիր Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, 12 Մարտ 2015-ին Հայաստան այցելած էր՝ շեշտելով Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը, նաեւ Ցեղասպանութեան զօհերուն յարգանքի իր տուրքը մատուցած էր Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին մէջ: Ան յուշակոթող այցելութեան ընթացքին նաեւ կոչ ըրած էր Թուրքիոյ, որ անյապաղ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։ Օզտեմիր տարբեր առիթներով նաեւ լուսարձակի տակ առած է Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը, որուն մասին ակնարկութիւն կայ նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանին վաւերացուցած բանաձեւին մէջ:

Յիշեցնեք, որ «1915-ին հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու Ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» խորագրուած նշեալ բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին ազգութեամբ թուրք 11 գերմանացի երեսփոխաններ:

Ճեմ Օզտեմիր, որ 1994-ին հանդիսացած էր Գերմանիոյ խորհրդարանի առաջին թուրք երեսփոխանը, 2004-2009-ի միջեւ նաեւ եղած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամ։