Category: Աշխարհ
Հրապարակուեցաւ Հրանդ Տինքի Սպանութեան Դատին Վճիռը
Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանը 17 Յուլիսին հրապարակեց «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան դատին վճիռը, կը հաղորդէ «Ակօս» շաբաթերթը: Դատարանը 13 Յունիսին, 9 մեղադրեալներու վերաբերեալ դատերը […]
Մամետեարով Վրացի, Ատրպէյճանցի Եւ Թուրք Խորհրդարանականներու Հետ Քննեց Արցախի Հարցը
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Յուլիս 16-ին, Պաքուի մէջ ընդունեց Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններու Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերու ղեկավարներուն այցելութիւնը եւ անոնց հետ քննարկեց Արցախի հակամարտութիւնը: Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ […]
Չենք Կրնար Հրաժարիլ Իրանեան Կազէն, Ուաշինկթընի Մէջ Յայտարարեց Արարատ Միրզոյեան
Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Յուլիս 15-ին, «Atlantic Council» կեդրոնին մէջ իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, թէ Հայաստան չի կրնար հրաժարիլ ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ Իրանէն […]
Լոյս Տեսաւ «Նեմեսիս» Գործողութեան Նուիրուած «Դահիճները» Հատորը
Վերջերս Միշիկընի մէջ «MAG and Associates» հրատարակչատան կողմէ հրապարակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրած թուրք ղեկավարներուն դէմ մահապատիժներ գործադրած «Նեմեսիս» գործողութեան մասին Ճորճ Մուրատեանի հեղինակած «The Executioners» («Դահիճները») հատորը։ 138 էջնոց գիրքին […]
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Իսլամը» Գիրքին Հեղինակին Դէմ Դատ Բացուած է
Թուրքիոյ մէջ դատ բացուած է «ՀայոցՑեղասպանութիւնը Եւ Իսլամը» հատորին հեղինակին դէմ, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը։ Արդարեւ, թուրք քաղաքացի մը Իզմիրի մէջ դատական հայց ներկայացուցած է հատորին հեղինակ Տենիզ Տղայսպուշի եւ հատորին խմբագիր Էմրէ Աքարի դէմ՝ դատապարտելով գիրքին մէջ գտնուող «Հայոց Ցեղասպանութեան […]
«Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» Փառատօնը Հմայեց Բոլորը
Շաբաթ, 13 Յուլիսին, Պիքֆայայի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին բացումը կատարուեցաւ «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի մէջ» փառատօնին: Ըստ «Ազդակ»-ի՝ բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, […]
Հալէպի Մէջ Զոհեր եւ Վիրաւորներ
Յուլիս 14-ի յետմիջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են Հալէպի «Հալապ Ըճտիտէ» եւ «Մնիէն» շրջանները։ Զոհուած են վեց, վիրաւորուած՝ ութը քաղաքայիններ։ Այս մաին կը յայտնէ Սանա լրատու գործակալութիւնը։ Աղբիւրին համաձայն, միջօրէին […]
Տիաննա Աբգարի Ծոռնուհին Կը Ժամանէ Հայաստան
Յուլիս 15:00-ին, ժամը 19:00-ին , Հայ կանանց միջազգային միութեան (AIWA) նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ աշխարհի մէջ առաջին կին դիւանագէտ, 1919-1920 թուականներուն Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպան, գրող հրապակախօս Տիաննա Աբգարի ծննդեան 160 ամեակին […]
Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեանը Յայտնեց, Որ Պետութիւնը չի Կրնար Արգելք Ըլլալ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան
Վերջերս յայտնի դարձած էր, որ ԹուրքիոյՍահմանադրական Ատեանը կրօնական ազատութեան դէմ բռնաբարում եւ հայոց իրաւունքներուն դէմ խախտում նկատած էրՀայոց Պատրիարքի ընտրութեան դէմ պետութեան կողմէ գործադրուած արգելքը։ Այս կերպով Սահմանադրական Ատեանըբացէ ի բաց դիրք գրաւած էր պետութեան դէմ։ Այս որոշումը այժմհրատարակուեցաւ Պաշտօնաթերթի մէջ եւ այս կերպով պաշտօնապէսի զօրու դարձած եղաւ շատ կարեւոր վճիռ մը, որ նոր լոյս կը բռնէ պատրիարքական ընտրութեան փշոտ հարցին վրայ։ Սահմանադրական Ատեանը իր որոշումը ու որոշումին պատճառաբանութիւնը հրապարակեց մանրամասնեալ կերպով։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՄԱՐՄԱՐԱ»–ն։ Յայտնի կը դառնայ որ Սահմանադրական Ատեանը այս հարցը քննարկած է երբեմնի Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներէն Լեւոն Գուզիկօղլուի ու Կարպիս Պալմումճուի ստորագրութիւններով կատարուած դիմումին վրայ։ Սահմանադրական Ատեանը […]
Փարիզ, Սինկափուր, Լոնտոն. Հայաստանը Ցուցահանդէսներու Մէջ Պիտի Ներկայացնէ Զբօսաշրջային Հնարաւորութիւնները
Հայաստանը այս տարի միջազգային երեք խոշոր զբօսաշրջային ցուցահանդէսու մէջ պիտի ներկայացնէ մեր երկրի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները, զբօսաշրջական փաթեթներն ու զարգացման ուղղութիւնները: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի զբօսաշրջային արդիւնքի զարգացման […]










