Փայլան Եւ Կունայ Օգոստոսին Հարաւային Ամերիկա Պիտի Այցելեն

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր երկու պատգամաւորներ՝ Էվրու Կունայ (քիւրտ) եւ Կարօ Փայլան (հայ), որոնք անդամ են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 11-24 Օգոստոս պիտի այցելեն Հարաւային Ամերիկայի շարք մը երկիրներ: Այս մասին կը հաղորդէ Azatutyun.am-ը։

Կուսակցութեան ներկայացուցիչները Արժանթինի, Պրազիլի, Չիլիի եւ Ուրուկուէյի մէջ քաղաքական շարք մը պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ պիտի ունենան եւ դասախօսութիւններ պիտի տան Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին եւ պիտի ներկայացնեն տարուող աշխատանքները՝ մարդկային եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակով:

Երկու խորհրդարանականները նշեալ երկիրներուն մէջ նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենան հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: