Ուրֆայի Սուրբ Աստուածածին Հայկական Եկեղեցին Աւերման Եզրին է

Աշխարհ, Էրկիր

Ուրֆայի Հալիլիյէ գաւառի Գերմուշ գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին ժամանակի ընթացքին աւերուած է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, հաղորդած է «Ուրֆա նիւզ» լրատուամիջոցը:

Ըստ տեղեկութիւններուն՝ եկեղեցին կառուցուած է 19-րդ դարուն: Վերջին անգամ վերականգնողական աշխատանքներ կատարուած են 1881-ին՝ Յակոբ Արդուիսեանի կողմէ: Այնուհետեւ, այլեւս չէ վերանորոգուած, որուն հետեւանքով աստիճանաբար աւերուած է:

Յայտնի է, որ 1895 Դեկտեմբեր 29-ի կէսօրին, Ուրֆայի մէջ, թուրքերը՝ խմբուելով Սբ Աստուածածին Մայր տաճարին առջեւ, ուր ապաստանած էր շուրջ 3000 հայ՝ յատկապէս կանայք ու երեխաներ, կը կոտրեն եկեղեցւոյ դուռը, ներս կը խուժեն, սակայն տեսնելով, որ շատ ժամանակ պիտի կորսնցնեն հայերը մէկ առ մէկ սպաննելու համար, եկեղեցւոյ բակին մէջ դրուած 50 արկղ քարիւղը կը լեցնեն Մայր տաճարին վրայ՝ հրոյ ճարակ դարձնելով զայն, միաժամանակ ողջակիզելով այնտեղ ապաստանած բնակչութիւնը: