Իսլամացուած Հայերու Մասին Պատմող Վաւերագրական Ֆիլմին Շնորհանդէսը՝ Պոլսոյ Մէջ

Աշխարհ, Էրկիր

Տիարպեքիրի Էղիլ շրջանի իսլամացած հայերուն մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմը Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի Օգոստոս 4-ին, «Ճեզայիր» սրահին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Gazetekarinca.com-ը։

Ֆիլմին ցուցադրութեան ունկնդիրները հնարաւորութիւն պիտի ունենան կարճ զրոյց ունենալու ֆիլմի բեմադրիչներուն հետ:

Նշենք, որ «Թաքցուած խաչ» վաւերագրական ֆիլմին շնորհանդէսը տեղի ունեցած էր Յունիսին, Տիարպեքիրի քաղաքապետարանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ:

Ֆիլմին մասին

«Թաքցուած խաչ» վերնագիրով ֆիլմը կը պատմէ 1915-ին ու անկէ ետք Էղիլի մէջ ապրած հայերու ճակատագիրին մասին՝ աւելի շատ կեդրոնանալով իսլամացուած հայերու ինքնութեան ճգնաժամին, ցեղասպանութենէն ետք անոնց կրած հոգեկան խնդիրներուն եւ իրենց սերունդներուն պատմած պատմութիւններուն վրայ:

«Թաքցուած խաչ»-ի բեմադրիչներն են լրագրողներ Ալթան Սանճարն ու Սերհաթ Թեմելը: Ֆիլմի նկարահանումներուն ծիրէն ներս՝ հեղինակները հանդիպած ու խօսած են իսլամացուած հայերու 1-ին սերունդը համարուող 75-էն բարձր տարիքի մարդոց, ինչպէս նաեւ անոնց հարազատներուն հետ: Հեղինակները պատմութիւնները լսած են նաեւ իսլամացուած հայերու 2-րդ սերունդէն, որոնց տարիքային խումբը 40-էն բարձր է:

Ֆիլմին երաժշտութեան հեղինակն է արուեստագէտ Սասա Սերափը: