Վանի Մէջ Պեղումներու Ընթացքին Ուրարտական Ժամանակաշրջանի Մարդկային Կմախք Յայտնաբերուած է

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան արտօնութեամբ Վան քաղաքի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ կատարուած պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած է ուրարտական դարաշարջանի մարդկային կմախք: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Պեղումներուն մասնակցած են թուրք հնաբաններ` Պոլսոյ համալսարանէն: Անոնց համաձայն, կնոջ կմախքը, որ եղած է առանց գանկի, 2700 տարուայ է:

Աշխատանքները կատարուած են այն տարածքին վրայ, ուր գոյութիւն ունեցած է Ուրարտուի մայրաքաղաք Տուշպան:

Վանի տարածքին տարիներ շարունակ տեղի ունեցած են նման աշխատանքներ:

2017-ին Վանայ լիճի յատակը յայնտաբերուած է 3000-ամեայ պատմութիւն ունեցող ամրոց: Ըստ թուրք մասնագէտներուն, այդ ամրոցը նոյնպէս կը պատկանէր Ուրարտական ժամանակաշրջանին:
Յիշեցնենք, որ Վանի Հայկական Թագաւորութիւնը գոյութիւն ունեցած է ՔԱ 9–6–րդ դարերուն: