«Թոնրատուն» Ֆիլմը Ճանչցուած է Վիեննայի «Մարդկութեան Այս Աշխարհը» Փառատօնի Միջազգային Մրցոյթի Յաղթող

«Թոնրատուն» ֆիլմը ճանչցուած է Վիեննայի «Մարդկութեան այս աշխարհը» (This Human World) փառատօնի Միջազգային մրցոյթի յաղթող։ Այս մասին կը կարդանք ԴոԿինո DoKino-ի Facebook-ի էջէն։ 5 կին 30 քառակուսի մեթր տարածքի մէջ` […]

ՀՅԴ ԳՄ Յայտարարութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Դէմ Ազրպէյճանական Շարունակական Սադրանքներուն Առնչութեամբ

Անդրադառնալով նախընթաց օրերուն Արցախի Հանրապետութեան դէմ յաճախակի դարձած Ազրպէյճանի սադրանքներուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կ՝արձանագրէ․ 1. Ի սկզբանէ, միտումնաւոր խեղաթիւրելով Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի էութիւնը, Ազրպէյճանը հետեւողականօրէն իրականացուցած է […]

Արցախը Հայաստանին Կապող Ճանապարհը Փակ է Ազրպէյճանական Իշխանութիւններուն Կազմակերպմամբ. «Թաթոյեան» Հիմնադրամ

Ակնյայտ է, որ ճանապարհը փակելը եւ Արցախը շրջափակելը որեւէ բնապահպանական նպատակ չունի. անիկա արցախահայութեան բնաջնջման ազրպէյճանական յանցաւոր քաղաքականութեան մաս է։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է «Թաթոյեան» հիմնադրամը: «Ազրպէյճանի իբր «քաղաքացիական» […]

Միջազգային Հանրութեան Կոչ Կ՝ընենք Յստակ Քայլերով Գործողութիւններ Ձեռնարկելու՝ Զսպելու Ազրպէյճանի Յարձակողական Նկրտումները

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւնները հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ. Արցախի խաղաղ բնակչութան նկատմամբ ֆոսֆորային ռումբեր օգտագործած ազրպէյճանցիները բնապահպանական պատրուակով վերջին օրերուն երկրորդ անգամ արգելափակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս կեանքի ճանապարհը, Նոյեմբերի 9(10)-ի […]

Ազրպէյճանը Կը Փորձէ Հոգեբանական Ճնշում Գործադրել Արցախի Վրայ եւ Վարկաբեկել Ռուս Խաղաղապահները․ Արցախի ԱԳՆ

Արցախը արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհի փակումը նպատակ ունի ահաբեկելու արցախցիները եւ վարկաբեկելու ռուս խաղաղապահները։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան։ «Ասիկա հերթական […]

Ազրպէյճանի Գործողութիւնները Ցեղասպանութիւն Որակելու Առաջարկով՝ ԱՀ ԱԺ-ն Դիմած է ԱՄՆ-ին, Ֆրանսային եւ ՌԴ-ին

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի աշխատանքներուն անցնելէ առաջ՝ խորհրդարանի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Դեկտեմբեր 9-ի՝ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ դատապարտման օրուան առիթով, հրապարակած է ԱՀ ԱԺ առաջարկը: «Ռուսիոյ […]

Անպատժելիութիւնը Կը Գրգռէ Պաշտօնական Պաքուի Ախորժակը եւ Յանցաւոր Նոր Ծրագիրներ Կը Ծնի. Մասիս Մայիլեան

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախկին նախարար, յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Մասիս Մայիլեան Facebook-ի իր էջով անդրադարձած է Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան. «Պաքուի իշխանութիւններուն նախայարձակ յայտարարութիւններն ու սադրիչ գործողութիւնները հիմնուած են Արցախի իբր […]

Փորձագիտական Եզրակացութեամբ Հաստատուեցաւ 44-օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Ազրպէյճանի Կողմէ Ֆոսֆորային Զէնքի Կիրառումը

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Facebook-ի իր էջին վրայ կը գրէ․ Ազրպէյճանի կողմէ 2020թ. 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ ֆոսֆորային զէնքի կիրառութեան փաստը բազմաթիւ յայտարարութիւններէ ու տեսանիւթերէ զատ, հաստատուեցաւ նաեւ […]

Ազրպէյճանի ԶՈւ-ն Կրակած է Ներքին Հանդի Ուղղութեամբ

Դեկտեմբեր 8-ին, ժամը 20:20-ի սահմաները, Ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ կրակած են Ներքին Հանդի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն: Հայկական կողմը […]

Հայաստանը Աւելի Շատ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի Կարիքը Ունի Քան՝ ԱՄն-ի ու Ֆրանսայի․ Էրտողանի Խօսնակ

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ եւ գլխաւոր խորհրդական Իպրահիմ Քալընը  անդրադարձած է հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Anadolu լրատուականը։ Քալընը համոզուած է, որ «յառաջիկա 10 տարուան ընթացքին շատ […]