«Թոնրատուն» Ֆիլմը Ճանչցուած է Վիեննայի «Մարդկութեան Այս Աշխարհը» Փառատօնի Միջազգային Մրցոյթի Յաղթող

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

«Թոնրատուն» ֆիլմը ճանչցուած է Վիեննայի «Մարդկութեան այս աշխարհը» (This Human World) փառատօնի Միջազգային մրցոյթի յաղթող։ Այս մասին կը կարդանք ԴոԿինո DoKino-ի Facebook-ի էջէն։

5 կին 30 քառակուսի մեթր տարածքի մէջ` թոնրատան մէջ, լաւաշ կը թխեն ու կը քննարկեն կեանքն ու պատերազմը։

Բեմադրիչ՝ Իննա Մխիթարեան

Բեմադրող օփերաթըր՝ Անդրանիկ Սահակեան

Հնչիւնաւորում՝ Գրասիելա Բառո, Արմէն Պապեան

Մոնթաժ՝ Ժիւստին Իրիար

Փրոտիւսըրներ՝ Անժելա Ֆրանգեան, Ստեֆան Ժուրդեն, Տը Կոլ Էյտ

Արտադրութիւնը՝ ԴոԿինո, La Huit, Cined Productions Նախագիծը իրականցուած է Centre national du cinéma et de l’image animée Ֆրանսայի ազգային կինոկեդրոն – CNC-ի National Cinema Center of Armenia Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնի Ministry of Education, culture and sport of the republic of Armenia ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Communauté de Corse en partenariat avec la CNC Կորսիկայի համայնքի՝ CNC-ի հետ համագործակցութեամբ եւ աջակցութեամբ։