Ազրպէյճանը Կը Փորձէ Հոգեբանական Ճնշում Գործադրել Արցախի Վրայ եւ Վարկաբեկել Ռուս Խաղաղապահները․ Արցախի ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախը արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհի փակումը նպատակ ունի ահաբեկելու արցախցիները եւ վարկաբեկելու ռուս խաղաղապահները։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան։

«Ասիկա հերթական սադրանքն է, որ կը դառնայ «կեանքի չափանիշ»։ Ճանապարհի փակումը տարբեր պատճառներով՝ բնապահպաններ, կանայք, երեխաներ, հեծանւորդներ, պատուիրատուներ, խոհարարներ, դեղին ժիլէթներ, կ՝ըլլան։ Բնականաբար, նպատակը մէկն է, բայց թիրախները շատ են. նպատակը Արցախի ժողովուրդը վախցնելն է, ապագային նկատմամբ կասկած ներշնչելը։ Միւս նպատակն է խարխլել Ռուսիոյ ու ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին հեղինակութիւնը, հարուածել երեւոյթին։ Միեւնոյն ժամանակ, ասիկա մարտահրաւէր է միջազգային հանրութեան, քանի որ, ի հարկէ, լաւ է խաղաղ կարգաւորման կոչ ընելը։ Բայց իրականութիւնը այս է՝ սադրանքներ, իսկ ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ միջազգային հանրութիւնը։ Ինչպէ՞ս կ՝արձագանգէ ան: Ասկէ շատ բան կախուած է։

Եւս մէկ անգամ կը կրկնենք՝ այն, ինչ կը կատարուի, բացարձակապէս կապ չունի բնապահպանութեան հետ։ Եթէ ​ազրպէյճանական կողմը բնապահպանական խնդիրներ ունի, ուրեմն անոնք կարելի է բնականոն մթնոլորտի մէջ քննարկել Արցախի բնապահպաններուն, ռուս խաղաղապահներուն հետ։ Բայց նման գործողութիւնները շրջակայ միջավայրին հետ կապ չունին։ Ասիկա հոգեբանական ահաբեկչութեան փորձ է Արցախի ժողովուրդին հանդէպ»,- ընդգծած է Դաւիթ Բաբայեան՝ աւելցնելով, որ Ազրպէյճանի գործողութիւնները կանխատեսելի էին. «Մենք անակնկալի չենք եկած: Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ ինչ է Ազրպէյճանը»։