Միջազգային Հանրութեան Կոչ Կ՝ընենք Յստակ Քայլերով Գործողութիւններ Ձեռնարկելու՝ Զսպելու Ազրպէյճանի Յարձակողական Նկրտումները
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւնները հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ.
Արցախի խաղաղ բնակչութան նկատմամբ ֆոսֆորային ռումբեր օգտագործած ազրպէյճանցիները բնապահպանական պատրուակով վերջին օրերուն երկրորդ անգամ արգելափակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս կեանքի ճանապարհը, Նոյեմբերի 9(10)-ի եռակողմ համաձայնագիրով միջանցքի կարգավիճակ ստացած մայրուղին:
Խստօրէն կը դատապարտենք Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէն կազմակերպուած սադրիչ գործողութիւնները, որոնք միտուած են տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի ապակայունացման:
Կը դիմենք Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն՝ ցուցաբերելու զսպուածութիւն, ըլլալու զգօն, որպէսզի միասնական ջանքերով կանխենք ազրպէյճանցիներու ցանկացած սադրիչ գործողութիւն: Իր գոյապայքարի ընթացքին բազում դժուարութիւններ յաղթահարած մեր ժողովուրդը այս անգամ ալ կը դիմակայէ առկայ եւ ապագայ մարտահրաւէրները:
Միջազգային հանրութեան կոչ կ՝ընենք յստակ քայլերով գործողութիւններ ձեռնարկելու՝ զսպելու Ազրպէյճանի յարձակողական նկրտումները:
Ռուս խաղաղապահները կը յորդորենք՝ եռակողմ համաձայնագիրին ծիրէն ներս՝ առաւել կոշտ միջոցներով կանխելու ազրպէյճանցիներու նմանօրինակ հակամարդկային գործողութիւնները:
«ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ»
խմբակցութեան ղեկավար՝ Դ. ՄԵԼՔՈՒՄԵԱՆ
«ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ»
խմբակցութեան ղեկավար՝ Ա. ՄՈՍԻՅԵԱՆ
«ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ»
խմբակցութեան ղեկավար՝ Դ. ԳԱԼՍՏԵԱՆ
«ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
խմբակցութեան ղեկավար՝ Մ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
«ԱԶԱՏ ՀԱՅՐԵՆԻՔ — ՔՄԴ»
խմբակցութեան ղեկավար՝ Ա. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
