Արցախը Հայաստանին Կապող Ճանապարհը Փակ է Ազրպէյճանական Իշխանութիւններուն Կազմակերպմամբ. «Թաթոյեան» Հիմնադրամ
Ակնյայտ է, որ ճանապարհը փակելը եւ Արցախը շրջափակելը որեւէ բնապահպանական նպատակ չունի. անիկա արցախահայութեան բնաջնջման ազրպէյճանական յանցաւոր քաղաքականութեան մաս է։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է «Թաթոյեան» հիմնադրամը:
«Ազրպէյճանի իբր «քաղաքացիական» ու «բնապահպանական» շարժում ներկայացնող անձերուն կողմէ այսօր՝ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-էն կրկին Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը փակելը ազրպէյճանական իշխանութիւններուն անմիջական կազմակերպմամբ է։
Այս եզրահանգման համար հիմք ծառայած են Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի մասնագիտական ուսումնասիրութիւնները։
Ակնյայտ է, որ ճանապարհը փակելը եւ Արցախը շրջափակելը որեւէ բնապահպանական նպատակ չունի. անիկա արցախահայութեան բնաջնջման ազրպէյճանական յանցաւոր քաղաքականութեան մաս է։ Ասիկա ազրպէյճանական իշխանութիւններուն յատուկ նպատակն է. Արցախը կտրել Հայաստանէն, այլ նաեւ ահաբեկել եւ մեկուսացնել խաղաղ բնակչութիւնը։
Անոնք ատիկա կ՝ընեն՝ Արցախի մէջ ստեղծելով մարդասիրական աղէտ, խաթարելով 120,000-է աւելի խաղաղ բնակիչի բնականոն կեանքը՝ յառաջացնելով մարդու կենսական իրաւունքներու հիմնարար խախտումներ։
Արդէն 9 ժամ է, որ խաղաղ բնակիչները յայտնուած են մեկուսացման մէջ, ձմրան ցուրտ եղանակին յառաջացած են հսկայական խցանումներ, մարդիկ չեն կրնար օգտուիլ կենսական իրաւունքներէ՝ սկսեալ բժշկական օգնութենէ։ Այս մասին կը վկայեն թէ՛ ուսումնասիրութիւնը, թէ՛ քաղաքացիներուն ահազանգերը։
Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոնի ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ այս ամէնը կ՝ուղեկցուի ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու մէջ հայատեաց քարոզչութեամբ, թշնամանքի հրահրումով, ահաբեկումներով։
Հասարակական ցանցերու ազրպէյճանական տիրոյթը լեցուած է «բնապահպանական» խնդրի լուծման կոչերով, որ անհրաժեշտ է ներգրաւել «ԵԱՇՄԱ» («YAŞMA») ազրպէյճանական յատուկ ջոկատը, «պէտք է հայերուն գլուխները ճզմել» կամ «սպաննել», ստիպել «արիւն կուլ տալ», ճանապարհը փակած անօրինական շարժման մասնակիցները կը ցուցադրեն ծայրայեղական-ազգայնական գորշ գայլերուն նշանը եւ այլն։
Ասոնք հասարակական ցանցերու այն նոյն էջերն են, որ ատելութիւն ու թշնամանք կը հրահրեն ազրպէյճանական ցանկացած զինուած յարձակման կամ սադրանքի ժամանակ եւ ակնյայտօրէն կապուած են ազրպէյճանական իշխանութիւններուն հետ։
Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը փակելը Արցախը հայաթափելու ազրպէյճանական յանցաւոր քաղաքականութեան շարունակութիւնն է։
Ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները պիտի ուղարկուին համապատասխան միջազգային կառոյցներուն»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
