Ազրպէյճանի Գործողութիւնները Ցեղասպանութիւն Որակելու Առաջարկով՝ ԱՀ ԱԺ-ն Դիմած է ԱՄՆ-ին, Ֆրանսային եւ ՌԴ-ին

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի աշխատանքներուն անցնելէ առաջ՝ խորհրդարանի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Դեկտեմբեր 9-ի՝ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ դատապարտման օրուան առիթով, հրապարակած է ԱՀ ԱԺ առաջարկը:

«Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Ֆրանսային, աշխարհի բոլոր պետութիւններուն եւ անոնց խորհրդարաններուն ԱՀ Ազգային ժողովը կ՝առաջարկէ՝ դատապարտել Ազրպէյճանի ներկայ սադրիչ գործողութիւնները Արցախի Հանրապետութեան ու անոր ժողովուրդին հանդէպ եւ զայն որակել իբրեւ 21-րդ դարուն իրականացուող ցեղասպանութիւն»,- նշուած է առաջարկին մէջ։

Այնուհետեւ, խորհրդարանը լռութեան րոպէով յարգած է բոլոր պետութիւններուն մէջ ցեղասպանութեան ենթարկուած անմեղ զոհերուն յիշատակը:

Խորհրդարանը, ապա, անցած է օրակարգային միակ հարցին՝ ««Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծի քննարկման:

Նախագիծը, որ նախօրէին արժանացած էր ԱԺ պաշտպանութեան, օրինապահպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի հաւանութեան, 29 կողմ ձայնով ընդունուած է իբրեւ օրէնք: