ARARAT Թանգարանը Կը Հրաւիրէ Ճամբորդութեան՝ Դէպի Հայկական Քոնեակներու Աշխարհ

Այլեւայլ, Հայաստան

ARARAT թանգարանը կը հրաւիրէ բոլորը կատարելու բացայայտումներով լի ճամբորդութիւն դէպի ARARAT հայկական քոնեակներու աշխարհ։ Դեկտեմբեր 17 եւ 18-ը յայտարարուած են բաց դռներու օրեր։

Այս ծիրէն ներս՝ ARARAT թանգարանը կը ներկայացնէ հայկական քոնեակագործութեան 135-ամեայ պատմութիւնը, քոնեակի պատրաստման առեղծուածային գործընթացը եւ տարիներու իբրեւ արդիւնք մեզի հասած ժառանգութիւնն ու փորձը։

Մուտքը ազատ է: Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի ARARAT թանգարան պիտի գործեն անվճար հանրակառքեր:

«Շտապեցէ՛ք այցելել ARARAT թանգարան՝ համալրելու անցնող տարին վառ եւ անմոռանալի յիշողութիւններով։ Բաց դռներու ծիրէն ներս՝ ARARAT թանգարանի խանութին մէջ Ձեզի կը սպասեն անակնկալներ»,- նշուած է թանգարանի հաղորդագրութեան մէջ։