«Ռէանիմանիա»-ն Ստացած է Աւելի Քան 2000 Յայտ Աշխարհի Մօտ 100 Երկրէ

Այս տարի կը լրանայ «Ռէանիմանիա» շնչաւոր (animation) ֆիլմերու եւ պատկերապատման միջազգային փառատօնի 10-ամեակը, որ իր ձեւաչափով, ճանաչելիութամբ եւ ընձեռած հնարաւորութիւններով միակն է տարածաշրջանին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, 2018-ը նշանաւոր կը դառնայ […]

Արենի Գինիի Փառատօնը` Հոկտեմբեր 6-ին. Անիկա Կը Նուիրուի Ազնաւուրի Յիշատակին

Հոկտեմբեր 6-ին արդէն 10-րդ անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ «Արենի գինիի փառատօն»-ը: Այս տարի անիկա կը նուիրուիէ ֆրանսահայ մեծանուն երգահան Շառլ Ազնաւուրին: Գինիի փառատօնը այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ Վայոց ձորի […]

Վաղը Տեղի Պիտի Ունենայ Շառլ Ազնաւուրի Յիշատակի Երեկոյ

Հոկտեմբեր 5-ին, ժամը 17:00-էն մինչ 21:00-ն Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակի երեկոյ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը՝ պիտի բացուի սգոյ մատեան` ի յիշատակ […]

Հոկտեմբեր 11-12-ը Ոչ Աշխատանքային Պիտի Ըլլայ. Վարչապետը Առաջարկեց Փոփոխել Օրէնսդրական Նախաձեռնութեան Ձեւակերպումը

ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «ՀՀ տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին ՀՀ օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան: ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան նշեց, որ նախագծին ընդունումով […]

Երեւանի Մեթրօփոլիթէնի Մէջ Ազնաւուրի Ստեղծագործութիւնները կը Հնչեն

Երեւանի մեթրօփոլիթէնի կայարաններուն մէջ կը հնչեն Շառլ Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնները: Այս մասին, Հոկտեմբեր 2-ին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Երեւանի մեթրօփոլիթէնի մամուլի խօսնակ Տաթեւ Խաչատրեան: «Ի յիշատակ ֆրանսահայ նշանաւոր շանսոնիէի՝ Երեւանի […]

Ազգային Ժողովը Մէկ Վայրկեան Լռութեամբ Յարգեց Շառլ Ազնաւուրի Յիշատակը

Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման 4-րդ նստաշրջանի աշխատանքները պատգամաւորները սկսան մէկ վայրկեան լռութեամբ` յարգելով աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակը: «Յարգելի գործընկերներ, երէկ կեանքէն հեռացաւ աշխարհահռչակ երգիչ, մեծ արուեստագէտ, մեր ազգի մեծ […]

Էյֆէլեան Աշտարակը Լուսաւորուած է` Ի Յիշատակ Շառլ Ազնաւուրի

Փարիզի Էյֆէլեան աշտարակը լուսաւորուած է` ի յիշատակ աշխարհահռչակ երգիչ, Հայաստանի ազգային հերոս Շառլ Ազնաւուրի, որ 94 տարեկանին հեռացաւ կեանքէն: Ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած է տեսանիւթ, ուր կ՛երեւի լուսաւորուած Էյֆէլեան աշտարակը, […]

Բժշկութեան Ասպարէզին Մէջ Նոպէլեան Մրցանակը յանձնուած է Քաղցկեղի Բուժման Նոր Միջոցներու Համար

Բժշկութեան ասպարէզին մէջ 2018 թուականի Նոպէլեան մրցանակը շնորհուած է գիտնականներ Ճէյմս Ալիսընին եւ Թասուքօ Հոնճոյին, որոնք մշակած են քաղցկեղի ախտազերծման բուժման (Immunotherapy) նոր միջոց: Ռիա նովոսթիի հաղորդմամբ, այս մասին Երկուշաբթի Սթոքհոլմի մէջ […]

Գէորգ Հաճեանի Արցախեան Համերգները

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ` լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեան կը գտնուէր Արցախ համերգային ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով: Սեպտեմբեր 28-ին, Արցախի սահմանամերձ Նորշէն գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ […]