Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի Կողմէ Կնքուեցաւ Մէկ Նամականիշով Գեղաթերթիկ՝ Նուիրուած «Աշխարհահռչակ Հայեր. Շառլ Ազնաւուր» Թեմային

Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ՝ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ կնքուեցաւ մէկ նամականիշով գեղաթերթիկ՝ նուիրուած «Աշխարհահռչակ հայեր. Շառլ Ազնաւուր» թեմային: […]

Սոֆիա Անունով Ռոպոթը Ֆրանսախօս Երկիրներու Տնտեսական Համաժողովին Խոստացաւ Ֆրանսերէն Սորվիլ

Արհեստական բանականութեամբ օժտուած Սոֆիա անունով երկաթամարդը (robot) ելոյթ ունեցած է Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած տնտեսական համաժողովին ժամանակ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Սոֆիայի ելոյթը անգլերէն եղած է, բայց ան խոստացած է […]

Հայ Ճարտարագէտներու Մշակած Հեռահար Կառավարմամբ Գնդացիրը Կրնայ Փոխարինել Զինուորը

Հայ ճարտարագէտները կը շարունակեն աշխատիլ՝ կատարելագործելու համար մշակումը գնդացիրներու, շարունակելով բարձրացնել կրակոցներու ճշգրտութիւնը, ինչպէս նաեւ զէնքի դիւրաշարժութիւնը։ «ԿԲ Իքս» ընկերութիւնը ներկայացուցած է հեռահար կառավարմամբ գնդացիրի բարեփոխուած տարբերակներ։ Երկու նման նմոյշներ […]

Ֆրանսախօս Երկիրներու Ձեռնարկներու Հիւրերը Հնարաւորութիւն Ունին Իրենց Այցելութիւններով Բացայայտելու Հայաստանը

Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը իրականացնելը մեծ հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանը աւելի ճանաչելի դարձնելու աշխարհի շատ երկիրներու մէջ, յատկապէս ֆրանսախօս երկիրներու: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին նշած է ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ […]

Ֆրանսախօս Երկիրներու Աւանը Մշակոյթներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Հանդիպման Խաչմերուկ է. Աւանը Պաշտօնապէս Բացուեցաւ

Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր եւ խաչմերուկ է: Հոկտեմբեր 9-ին, Երեւանի մէջ կայացաւ աւանի պաշտօնական բացումը: «Հիւրընկալելով ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը՝ մեր մայրաքաղաքի հազարամեայ պատմութեան էջերը զարդարուեցան եւս մէկ բացառիկ եւ գեղեցիկ իրադարձութեամբ:  ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մէկ յարկի տակ կը միաւորէ աշխարհի 5 ցամաքամասերէն տասնեակ երկիրներ՝ իրենց մշակութային բազմազանութեամբ: ՖՄԿ-ն կը գործէ ի նպաստ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, անդամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զօրացման: Այս ամենուն վառ ապացոյցն է «Ապրիլ եւ ստեղծել միասին» կարգախօսը եւ այս կարգախօսին ներքոյ կազմակերպուած գեղեցիկ աւանին գոյութիւնը: Անիկա խաչմերուկ եւ հանդիպման վայր է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու համար: Անիկա, կարծես, նուէր ըլլայ մեր 2800-ամեայ մայրաքաղաքին, իր բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսած […]

Փրակայի Մէջ Հայերէն Ձեռագիրներու Ցուցահանդէս Բացուած է

Փրակայի Ստրահովեան նշանաւոր վանքի գրադարանի Աստուածաբանական դահլիճին մէջ, որ կը համարուի Եւրոպայի հնագոյն եւ շքեղ գրադարաններէն մէկը, Հոկտեմբեր 8-ին, տեղի ունեցած է «Հնագոյն քրիստոնեայ ազգի գանձերը. հոգեւոր արուեստը եւ երաժշտութիւնը միջնադարեան ձեռագիրներուն […]

Հայաստան «Օսքար» Մրցանակի Ներկայացուցած է «Սպիտակ» ֆիլմը

1988-ի աւերիչ երկրաշարժի մասին պատմող ռուս բեմադրիչ Ալեքսանդր Քոթթի «Սպիտակ» ֆիլմը ընդգրկուած է 2019-ի «Օսքար»-ի հաւակնորդներու երկար ցուցակին մէջ: Ֆիլմը առաջադրած է Հայաստանը՝ «Լաւագոյն օտարալեզու ֆիլմ» անուանակարգին համար: Թէեւ «Սպիտակ»ի իրադարձութիւնները իրական  են կան […]

Աստուածաշունչը Թարգմանուած է Աշխարհի Հազարերորդ Լեզուով

Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը աշխարհի հազարերորդ լեզուով տօնած են Հարաւային Սուտանի մէջ, ուր կ՛ապրի Քելիքօ ժողովուրդը: Այդ մասին յայտնած Է Сhristian Post ամերիկեան հրատարակութիւնը: «Քելիքոյի լեզուով Նոր Կտակարանի օծման արարողութիւնը տեղի ունեցած է […]

Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Ընդառաջ Հայաստանը Ներկայացուած է Փարիզի Միջազգային Ցուցահանդէսին

«Տուրիզմ Արմէնիա» ընկերակցութեան աջակցութեամբ՝ Հայաստանի 6 զբօսաշրջական ընկերութիւն, Սեպտեմբեր 25-28-ին, Փարիզի մէջ Հայաստանը ներկայացուցած են Եւրոպայի խոշորագոյն՝ «Top Resa 2018» զբօսաշրջային ցուցահանդէսին։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած են «Տուրիզմ Արմէնիա»-ի […]

«Ֆրանսախօս Երկիրներու Աւան»-ին Մէջ Արցախը՝ Առանձին Տաղաւարով

Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, Հոկտեմբեր 7-էն, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կը գործէ «Ֆրանսախօս երկիրներու աւան»-ը, ուր ներկայացուած է նաեւ Արցախը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու […]