Արցախի Մէջ Աճեցուած Արեւադարձային Միրգերը Զարմացուցած են Այցելուները (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Հայաստան

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, Հոկտեմբեր 14-ին, կազմակերպուած էր «Բերքի տօն»ը՝ նուիրուած գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ տօնավաճառին Արցախի բոլոր շրջանները եւ ՀՀ-ի ու ԱՀ-ի մէջ գործող շարք մը ընկերութիւններ ներկայացուցած եւ վաճառքի հանած են իրենց արտադրանքը:

Բերքն ու բարիքը օրհնած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան:

Այնուհետեւ, ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեան՝ պաշտօնատար այլ անձերու ուղեկցութեամբ՝ շրջած է տաղաւարներուն մէջ, ծանօթացած ներկայացուած գիւղատնտեսական մթերքներուն եւ արտադրատեսակներուն:

ԱՀ գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Վիլէն Աւետիսեան նշած է, որ ձեռնարկը կը  կազմակերպուի 8-րդ անգամ:

«Այս տօնակատարութիւնը նախորդներէն կը տարբերի անով, որ ներգրաւուած են աւելի շատ մասնակիցներ: Բացի Վերածնունդի հրապարակէն, փառատօնի տաղաւարներ տեղադրուած են նաեւ ԱՀ նախագահի նստավայրին եւ կառավարութեան շէնքի հարակից փողոցներուն վրայ եւ ընդգրկած Թումանեան փողոցը: Այս տարի ներկայացուած է 1000-էն աւելի մասնակից՝ նախորդ տարուան 850-ի փոխարէն:

Տօնավաճառին ընթացքին եղած են նաեւ հետաքրքրական անակնկալներ՝ «Լաւագոյն շրջան», «Լաւագոյն վերամշակող կազմակերպութիւն», «Լաւագոյն մշակութային կատարում» եւ «Ամենացած գին» անուանակարգերով մրցոյթներ:

Մարտունիի շրջվարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Էդուարդ Բարսեղեան ըսած է, որ շրջանի 35 համայնքներ ներկայացուցած են 28 տաղաւար:

«Նախորդ տարուան համեմատ՝ այս տարի Մարտունիի շրջանէն մասնակցողներուն քանակը աւելցած է: Տաղաւարներուն մէջ ալ փորձած ենք բերքն ու բարիքը վաճառել շուկայականէն ցած գիներով: Գիւղատնտեսական տարին բարենպաստ էր, որ նպաստած է, որ շրջանը այսօր ներկայանայ առատ բերք ու բարիքով, որ իւրայատուկ է մեր բնակլիմայական պայմաններուն: Փառատօնը շատ արդիւնաւէտ հարթակ է, որ հնարաւորութիւն կու տայ գիւղացիին եւ արտադրողին վաճառելու իր բերքը: Ժողովուրդին կողմէ կը նկատուի աշխուժութիւն, որ տարուէ տարի զգալիօրէն կ՝աճի, եւ փառատօնը կը վերածուի ազգային համախմբութեան»,- աւելցուցած է Է. Բարսեղեան:

Քաշաթաղի շրջանի Քաշունիք համայնքի ղեկավար Լեւոն Մովսիսեան նշած է, որ այս տարի եւս ներկայացուցած են մերձարեւադարձային միրգերէն քիւանոն եւ ֆիզալիսը:

«Անոնք ամենամեայ բոյսեր են, որոնք կ՝աճեցուին մեր համայնքին մէջ: Սերմերը բերած ենք դուրսէն: Նախորդ տարուան համեմատ՝ այս տարի աւելի շատ ներկայացուցած ենք, քանի որ աւելցած են պատուէրները: Տաղաւարին մէջ ներկայացուցած ենք նաեւ սերկեւիլ, նուռ, արքայանարինջ, տանձի քանի մը տեսակ եւ այլ մթերքներ»,- աւելցուցած է Լ. Մովսիսեան:

«Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան երիտասարդական թեւի անդամ Գոռ Բալասանեան նշած է, որ երրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցին «Բերքի տօն»-ին:

«Ներկայացուցած ենք մեր երիտասարդ գիւղատնտեսներու եւ մենատնտեսներու արտադրանքը: Տօնին շնորհիւ երիտասարդ գիւղատնտեսները կը ճանչցուին, եւ անոնք կրնան իրենց բերքը վաճառել: Տաղաւարին մէջ առկայ է հինգ տեսակ գինի, երեք տեսակ օղի, խոզի միս, խնձոր, նուռ եւ դդում: Գիները իջեցուցած ենք մօտ 10 տոկոսով»,- ըսած է Գ. Բալասանեան:

Բացի շրջաններու գիւղական համայնքներէն բերուած բերք ու բարիքէն, տեղական արտադրութեան մթերքներու ցուցադրութենէն, փառատօնին ներկայացուած է նաեւ հայկական մշակոյթը իր բազմազանութեամբ:

Ազգային երգ ու պարը ապահոված են ինչպէս շրջանները ներկայացնող կատարողները, այնպէս ալ «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական խումբը, Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաները, Արցախի պարի պետական խումբը, «Արցախի ձայներ» երաժշտական խումբը եւ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2018» երաժշտական մրցոյթին Հայաստանը ներկայացնող փոքրիկ արցախցի L.E.V.O.N-ը:

«Բերքի տօն»-ին ներկայ եղած են ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, պաշտօնատար այլ անձեր եւ հիւրեր: