Երեւանի Քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի Երդմնակալութեան Արարողութիւնը

Հայաստան

Հոկտեմբեր 13-ին տեղի ունեցաւ Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը:

Խորհրդանշական լանջաշղթան քաղաքապետին յանձնեցին աւագանիի  անդամ Արթուր Իսպիրեանը եւ Երեւանի պատուոյ քաղաքացի Տիգրան Մանսուրեանը: Հնչեց Երեւանի քայլերգը:

Մարութեան նշեց, որ պատասխանատուութեան զգացումը մեծ է: «Կանգնած եմ այստեղ, քանի որ այդպէս որոշած է ժողովուրդը: Ես մէկ առ մէկ կը յիշեմ բոլոր այն խոստումները, որոնք տուած եմ երեւանցիներուն: Իր քաղաքն ու երկիրը սիրող մարդը այլ բան չի կրնար ընել, իսկ ես կը սիրեմ մեր Երեւանը», ըսաւ Մարութեան:

Անոր համաձայն, իր երդումը ոչ թէ զուտ արարողակարգային է, այլ երդում` երեւանցիներու եւ Աստուծոյ առջեւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայ գտնուած է Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի երդմնակալութեան արարողութեան:

Վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթին նշած է, որ իրենք պէտք է երաշխաւորեն, որ կառավարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ  գողեր չկան, մարդիկ չկան, որոնք կը գողնան ժողովուրդին վճարած հարկերը: Ըստ վարչապետին, ժողովուրդը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ իր տուած հարկերը չեն գողցուիր: «Այո՛, տակաւին անարդիւնաւէտ օգտագործման դէպքեր կան, ատիկա տակաւին ճամբայ է, որ մենք պէտք է անցնինք, այդ խնդիրը պէտք է լուծենք, բայց իւրաքանչիւր քաղաքացի իր վճարած իւրաքանչիւր լումային պէտք է վերաբերի այնպէս, ինչպէս այն բանին, որ այդ գումարը կը դնէ իր տան այն դարակին մէջ, որ նախատեսուած է ընտանիքի կարիքներուն համար: Մեր քաղաքական խմբակին ուղղուած մեծագոյն դիտողութիւնը այն է, որ անիկա շատ երիտասարդ է»,- ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:

Ան նշեց նաեւ, որ քաղաքական իմաստով պէտք է առաջնորդուին նախապէս որեւէ ներգրաւուածութիւն ունեցած մարդիկը չմերժելու սկզբունքով, քանի որ մերժելը ինք կը նկատէ քաղաքական այլամերժութիւն. «Մենք պէտք չէ թոյլ տանք Հայաստանի մէջ քաղաքական այլամերժութեան գոյութիւնը: Մենք պէտք չէ առաջնորդուինք ու չենք առաջնորդուիր հինը, նախկինը ժխտելու, ջնջելու եւ քանդելու մղումով»,- ընդգծեց վարչապետ Փաշինեան: