Վարդան Գրեգորեանի Անունով Գիտահետազօտական Կրթաթոշակ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը յայտարարած է նոր գիտահետազօտական կրթաթոշակներու դիմումնագիրներու ընդունման փուլի մեկնարկը:

IDeA հիմնադրամի հանրային կապերու բաժինը կը տեղեկացնէ, որ Վարդան Գրեգորեանի անուան կրթաթոշակը (գիտահետազօտական դրամաշնորհներ) պիտի օժանդակէ սկսնակ գիտնականներու եւ հետազօտողներու՝ յատկապէս պատմութեան եւ հասարակագիտութեան ոլորտի, որոնք կը փորձեն հետազօտել Հայաստանի 20րդ դարու պատմութեան չուսումնասիրուած դրուագները:

Հնգամեայ կրթաթոշակային նախագիծի առաջին փուլին յատուկ ուշադրութեան պիտի արժանանան 35 տարին չբոլորած հայաստանաբնակ հայագէտ գիտնականները եւ հետազօտողները: Երկրորդ եւ երրորդ փուլերուն պիտի ընդգրկուին սփիւռքահայ գիտնական-հետազօտողներ: Ամէն տարի պիտի տրամադրուի երկու կրթաթոշակ՝ իւրաքանչիւրը 30,000 տոլար: