Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Անդամ Երկիրներու Առաջին Տիկնայք Շրջայց Կատարեցին Երեւանի Թանգարաններ

Հայաստան

ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի տիկին Պրիճիթ Մաքրոն ու Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու առաջին տիկնայք Հոկտեմբեր 12ին այցելեցին Երեւանի շարք մը թանգարաններ:

Անոնք եղան Երուանդ Քոչարի թանգարան, ապա` «Կասկադ» համալիր, ուր զբօսնելով հիացան քանդակագործ Ֆերնանտօ Պոթերոյի հեղինակած արձաններով, այնուհետեւ այցելեցին Գրիգոր Խանջեանի, Սվարովսքիի ցուցասրահներ, Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոն։

Երուանդ Քոչարի թանգարանին մէջ հիւրերը գրութիւններ կատարեցին հիւրերու մատեանին մէջ:

«Շնորհակալութիւն Հայաստանին այս իւրայատուկ ընդունելութեան համար, սա հիանալի ճամբորդութիւն էր», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին տիկինը:

Կասկատի առջեւ խմբակային լուսանկարուելէ ետք առաջին տիկնայք տեղի սրճարաններէն մէկուն մէջ ճաշեցին, որմէ ետք տիկ․ Մաքրոն իր անվտանգութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ կրկին զբօսնելով եկաւ Օփերայի շէնքի բակը տեղակայուած Ֆրանսախօս երկիրներու աւան, այցելեց Ֆրանսայի եւ Հայաստանի տաղաւարները: Հայաստանի տաղաւարին մէջ անոր գիրք եւ ցորենի հասկեր նուիրեցին:

Այնուհետեւ քալելով, գրեթէ իւրաքանչիւր քայլափոխի կանգ առնելով, քաղաքացիներու հետ լուսանկարուելով, անոնց ձեռքերը սեղմելով, Ֆրանսայի առաջին տիկինը հասաւ հիւրանոց։