Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Ընդառաջ Հայաստանը Ներկայացուած է Փարիզի Միջազգային Ցուցահանդէսին

Այլեւայլ, Հայաստան

«Տուրիզմ Արմէնիա» ընկերակցութեան աջակցութեամբ՝ Հայաստանի 6 զբօսաշրջական ընկերութիւն, Սեպտեմբեր 25-28-ին, Փարիզի մէջ Հայաստանը ներկայացուցած են Եւրոպայի խոշորագոյն՝ «Top Resa 2018» զբօսաշրջային ցուցահանդէսին։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած են «Տուրիզմ Արմէնիա»-ի հանրային կապերու խումբէն, ընկերակցութեան անդամ 2 եւ մեր շուկային մէջ գործող 4 այլ զբօսաշրջական  ընկերութիւններ Հայաստանը Փարիզի միջազգային ցուցահանդէսին ներկայացուցած են միասնական տաղաւարով։

Հայաստանեան զբօսրաշրջական ընկերութիւնները «Top Resa 2018»-էն վերադարձած են միջազգային գործընկերներու ծիրէն ներս մեր երկրի նկատմամբ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ապահոված ու նոր գործնական համաձայնութիւններով։

«Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի նախաշեմին, երբ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը բեւեռուած է Հայաստանի վրայ, անհրաժեշտ էր մեր երկիրն ու զբօսաշրջային հմայքը ներկայացնել ոլորտի կարեւորագոյն միջազգային ձեռնարկներէն մէկուն՝ «Top Resa 2018»-ին։ Այս ցուցահանդէսը դէպի Հայաստան նոր զբօսաշրջային հոսք ապահովելու շահաւէտ հարթակ է, յատկապէս, եթէ հաշուի առնենք, որ Երեւանի ու Փարիզի միջեւ կը գործէ ուղիղ չուերթ»,- նշած է «Տուրիզմ Արմէնիա» ընկերակցութեան նախագահ Սիւզաննա Ազոյեան։

Իբրեւ Հայաստանի գրաւչութիւններ, ներկայացուած եղած են գինիի, արկածային, գիւղական, բնապահպանական զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւններն ու պատմամշակութային ժառանգութիւնը։ Օրինակ, «Ոսկեվազ» գինիի գործարանը ներկայացուցած է գինիի զբօսաշրջութիւնը՝ հետաքրքրական բնապահպանական համակարգով, Հայկական գորգի ազգային կեդրոնը շեշտադրած է Հայաստանի գորգագործութեան անկրկնելի աւանդոյթները, «Ջրաղացի մօտ» հիւրատունը՝ գիւղական զբօսաշրջութեան գրաւչութիւնները եւ այլն։

«Տուրիզմ Արմէնիա» ընկերակցութիւնը հիմնադրած են Հայաստանի ներգնայ զբօսաշրջային ուղեւորահոսք ապահովող զբօսաշրջական 13 ընկերութիւններ՝ պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութիւնը եւ դէպի Հայաստան կազմակերպուած զբօսաշրջային հոսքերը խթանելու նպատակով։