«Ֆրանսախօս Երկիրներու Աւան»-ին Մէջ Արցախը՝ Առանձին Տաղաւարով

Այլեւայլ, Հայաստան

Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, Հոկտեմբեր 7-էն, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կը գործէ «Ֆրանսախօս երկիրներու աւան»-ը, ուր ներկայացուած է նաեւ Արցախը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը՝ մանրամասնելով, որ Արցախը կը մասնակցի ոճային հետաքրքրական տաղաւարով, որ անտարբեր չի ձգեր այցելուները, յատկապէս՝ օտարերկրացիները:

Աղբիւրին համաձայն՝ տաղաւարի հիւրերուն կը մատուցուի Արցախի մասին ընդհանրական տեղեկութիւն: Կը ներկայացուին Արցախի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները, մշակոյթն ու տնտեսութիւնը: Այցելուներուն կը տրամադրուին ֆրանսերէն լեզուով գրքոյկներ՝ Արցախի՝ իբրեւ զբօսաշրջային հետաքրքրական ուղղութեան վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութեամբ:

Նշենք, որ աւանին մէջ ներկայացուած են Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ շուրջ 30 պետութիւններ եւ գործընկեր կազմակերպութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն իրենց ազգային մշակոյթը՝ ցուցահանդէս-վաճառք ձեւաչափով:

Լուսանկարները՝ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան