«Ռէանիմանիա»-ն Ստացած է Աւելի Քան 2000 Յայտ Աշխարհի Մօտ 100 Երկրէ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Այս տարի կը լրանայ «Ռէանիմանիա» շնչաւոր (animation) ֆիլմերու եւ պատկերապատման միջազգային փառատօնի 10-ամեակը, որ իր ձեւաչափով, ճանաչելիութամբ եւ ընձեռած հնարաւորութիւններով միակն է տարածաշրջանին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, 2018-ը նշանաւոր կը դառնայ Հայկական շնչաւոր ֆիլմերու 80-ամեայ յոբելեանով:

Փառատօնի դիմատետրի էջը կը տեղեկացնէ, որ «Ռէանիմանիա»-ի 10-րդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 28-Նոյեմբեր 3։ Փառատօնը այս տարի ստացած է աւելի քան 2000 յայտ աշխարհի մօտ 100 երկրէ։ Շուրջ 400 ֆիլմ, որոնց մէջ՝ 8 երկար, ներառուել են 5 մրցութային ծրագիրներու մէջ՝ «Լաւագոյն երկար ֆիլմ», «Լաւագոյն կարճ ֆիլմ», «Լաւագոյն աւարտական ֆիլմ», «Լաւագոյն հեռուստատեսային եւ ուսուցողական ֆիլմ» եւ «Լաւագոյն երաժշտական շնչաւոր (animation) հոլովակ»։