Կը Հրաւիրենք Արատաւոր Գործընթացներու Դէմ Համատեղ Պայքարի

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վահագն Չախալեան

Մայիսեան յեղափոխութիւնը ժողովուրդին խաղաղ ըմբոստութեան հանած է՝ չկայացած պետական համակարգի եւ տասնամեակներու ընթացքին անոր գործած անարդարութիւններու, անգործութեան ու չարաշահումներու դէմ:

Մենք կ՝ողջունենք խաղաղ յեղափոխութիւնը եւ կը սատարենք անոր ընթացքին: Խստագոյնս կը դատապարտենք կաշառակերութիւնը, պաշտօնական դիրքի չարաշահումը, արտօնեալներու անպատժելի գործողութիւնները եւ այլ արատաւոր եւ պետականաքանդ երեւոյթներ, որոնք կը խարխլեն ու կը քանդէին մեր պետութեան հիմքերը Անկախութեան ձեռք բերման առաջին օրերէն ի վեր:

Ատոր հետ մէկտեղ, մեզի խիստ կը մտահոգէ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ հայկական աւանդական արժէքներու դէմ կազմակերպուած եւ հետզհետէ ահագնացող արշաւը, որ առերեւոյթ կ՝ընթանայ ժողովրդավարական եւ ազատական մօտեցումներու քօղին տակ:

Հայկական աւանդական ընտանիքը եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին հայկական աւանդական հասարակութեան հիմքերն են։ Այդ ազգային յենասիւներուն շնորհիւ հայ հանրոյթը իր պատմութեան ընթացքին դիմակայած է զանազան հարուածներ, փորձութիւններ ու հալածանքներ:

Հայկական բարոյական արժէքները, որոնք ​հիմք կը ծառայեն հայկական աւանդական ընտանիքի եւ եկեղեցւոյ գոյութեան, չեն կրնար հարցականի տակ դրուիլ եւ ոչ ոքի կողմէ՛, յանուն եւ ո՛չ մէկ օտարամուտ արժէքի կամ օտար շահի:

Սեռական կողմնորոշումը, կրօնական դաւանանքի հարցերը իւրաքանչիւր անհատի անձնական խնդիրն է: Հայ հասարակութիւնը, հաւատարիմ մնալով աւանդական ընտանիքի եւ հայկական եկեղեցւոյ արժէքներուն, կը յարգէ, իսկ պետութիւնը կը պաշտպանէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները: Սակայն ատիկա չ՝ենթադրեր, որ փոքրամասնութիւնները կրնան իրենց արժէքներն ու կամքը պարտադրել հայ հանրութեան:

Հայ հասարակութիւնը կը դիմագրաւէ երեք մարտահրաւէր, որոնք են` թուրք-ատրպէյճանական հակահայկական գործընթացը, ժողովրդավարութեան սկզբունքներու վրայ խարսխուած պետականաշինութեան գործընթացը աւարտին հասցնելը եւ ազգային աւանդական արժէքներու նկատմամբ սպառնալիքները:

Ատկէ մեկնած` կը յայտարարենք, որ բոլոր օրինական միջոցներով պիտի պայքարինք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ ոտնձգութիւններուն դէմ։ Մենք նաեւ կ՝արտայայտենք մեր վճռականութիւնը խոչընդոտելու միասեռականութեան քարոզին միտուած քայլերը։

Կը դիմենք Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ պետականութեան հիմքերուն սպառնացող այս բացասական երեւոյթներուն չօժանդակելու կոչով:

Հասարակութեան աւանդապաշտ գործուն ուժերը կը հրաւիրենք միանալու պետութեան եւ հասարակութեան հիմքերը խարխլող այս վտանգին դէմ պայքարին: