Էջմիածնի Տաճար Պիտի Բերուի Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հայոց առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնը այս տարի պիտի տօնախմբէ Նոյեմբեր 30-ին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը: Առաքեալներու տօնը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. […]

«Յեղափոխութիւն Մը Շուտով Կը Շոգիանայ, Երբ Խոստումը Չունի Որպէս Յենարան». Արամ Ա․

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ հետեւեալ գրառումները կատարած է ֆէյսպուքի իր էջին վրայ. «Յեղափոխութիւնը հակազդեցութիւն է սուտին դէմ ու միաժամանակ հաստատում է ճշմարտութեան։ Սակայն, եթէ յեղափոխութիւնը հակազդեցութենէ […]

«Ակունք» Ազգագրական Խումբը 45 Տարեկան է

«Պահպանենք մեր ազգային մշակոյթը». ահա այս սկզբունքով եւ գաղափարով ստեղծման օրէն կ՝արարէ «Ակունք» ազգագրական խումբը։ «Ակունք» ազգագրական խումբը այսօր արդէն կը տօնէ իր ստեղծման 45-ամեակը եւ Դեկտեմբեր 8-ին, Արամ Խաչատրեան […]

Կոմիտասի, Թումանեանի, Սեւակի, Շանթի եւ Այլ Մեծերու Յիշատակին Ծառեր՝ Աբովեանի Տուն-Թանգարանի Բակին Մէջ

Կոմիտաս, Յովհաննէս Թումանեան, Պարոյր Սեւակ, Լեւոն Շանթ, Շարլ Ազնաւուր, Սօս Սարգսեան, Սիլվա Կապուտիկեան …  Շուրջ 15 յոբելեաններու անուանական տունկեր` ծիրանենիներ եւ խնձորենիներ, տնկուեցան Նոյեմբեր 26-ին, Խաչատուր Աբովեանի անուան տուն-թանգարանի բակին […]

Մոնթէ Մելքոնեանի Ծննդեան Օրն է

Այսօր Հայաստանի ու Արցախի ազգային հերոս, Արցախեան պատերազմի մասնակից, հրամանատար Մոնթէ Մելքոնեանի` Աւոյի ծննդեան օրն է: Ծնած է 1957-ի Նոյեմբեր 25-ին Մեծ Եղեռնէն փրկուած եւ ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ Վիսեյլիա քաղաք հաստատուծ հայ ընտանիքի […]

Արեւալհայերէն ու Արևմտահայերէն Գիրքերու Շնորհանդէս

Նոյեմբեր 17-ին Հայ բարեգործական ընդհանուր  միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մէյրի Սահակեանի հեքիաթներու արևմտահայերէն և արևլահայերէն գունազարդ գիրքերու շնորհանդէսը: Ձեռնարկին ներկայ էին արեւմտահայերէն գիրքի մեկենասները՝ Պոլսոյ  հայ ուսուցչաց  հիմնարկի նախագահ Սարգիս […]

ՀՀ Նախագահի Աջակցութեամբ Ընթացք Առած են Օշականի Եկեղեցւոյ Որմնանկարներու Վերականգնման Աշխատանքները

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի օժանդակութեամբ կը վերականգնուի քսաներորդ դարու հայկական կոթողային արուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկը` Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ «Փառք հայ գիրին եւ դպրութեան» եզակի որմնանկարը: Անիկա 1964-1966 […]

Հայաստանի Մէջ Ծնունդներու Թիւի Աճ Արձանագրուած է

Այս տարուան երկրորդ եւ երրորդ եռամսեակներու ընթացքին Հայաստանի մէջ ծնած երեխաներու  թիւը աւելի է քան անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Եթէ […]