«Յեղափոխութիւն Մը Շուտով Կը Շոգիանայ, Երբ Խոստումը Չունի Որպէս Յենարան». Արամ Ա․

Այլեւայլ, Սփիւռք

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ հետեւեալ գրառումները կատարած է ֆէյսպուքի իր էջին վրայ.

«Յեղափոխութիւնը հակազդեցութիւն է սուտին դէմ ու միաժամանակ հաստատում է ճշմարտութեան։ Սակայն, եթէ յեղափոխութիւնը հակազդեցութենէ ու հաստատումէ անդին՝ ժողովուրդին կեանքը յեղափոխող գործընթացքի չվերածուի, կը դառնայ սոսկ պղպջակ…»։

«Յեղափոխութիւն մը շուտով կը շոգիանայ, երբ խոստումը չունի որպէս յենարան։ Ու երբ խոստումը հեռու մնայ կեանքի իրականութենէն, խոր անջրպետ մը կը գոյանայ ժողովուրդին ու իշխանութեան միջեւ. կացութիւն մը, որ կը դառնայ յղի աննախատեսելի վտանգներով…»։