Մոնթէ Մելքոնեանի Ծննդեան Օրն է

Այլեւայլ, Հայաստան

Այսօր Հայաստանի ու Արցախի ազգային հերոս, Արցախեան պատերազմի մասնակից, հրամանատար Մոնթէ Մելքոնեանի` Աւոյի ծննդեան օրն է:

Ծնած է 1957-ի Նոյեմբեր 25-ին Մեծ Եղեռնէն փրկուած եւ ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ Վիսեյլիա քաղաք հաստատուծ հայ ընտանիքի յարկին տակ։

1991-ին ան եկած է Հայաստան եւ Սեպտեմբերին մեկնած Արցախ: Անոր ղեկավարութեամբ Մարտունին դարձած էր Արցախի ամենապաշտպանուած ու ամենամարտունակ շրջանը: 1993-ի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն անոր ղեկավարութեամբ ազատագրուած է նաեւ Քարվաճառը:

Մոնթէն զոհուած է 1993-ի Յունիս 12-ին ատրպէյճանական զրահամեքենայի կրակոցէն, երբ հետախուզութեան նպատակով մարտական ընկերներուն հետ այցելած է Աղդամի շրջանի` Մարզիլի գիւղի մատոյցներ: Թաղուած է Եռաբլուր:

Անոր անունով կը կոչուի Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմական ուսումնարաններէն մէկը, փողոցներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: