Գերմուշի Հայկական Եկեղեցին Անտէրութեան Մատնուած է

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան առաջարկով եւ Նախարարներու խորհուրդին որոշումով՝ 2011 Հոկտեմբեր 23-ին «զբօսաշրջութեան զարգացման կեդրոն» յայտարարուած Ուրֆայի հայկական երեքդարեայ եկեղեցին ձգուած է բախտի քմաճոյքին:

«Ամերիկայի ձայն»-ի թրքական ծառայութեան տուեալներով՝ Ուրֆայէն 10 քմ հեռու գտնուող 19-րդ դարու հայկական Գերմուշի եկեղեցին անուշադրութեան եւ խնամք չտեսնելու հետեւանքով վերածուած է աւերակի։ Ներկայիս Թուրքիոյ Հալիլիյէ գաւառի Տաղեանը (Գերմուշ) թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ կողքին կայ հայկական եկեղեցական այլ շինութիւն մը, որուն փլուզումէն ետք այս եկեղեցին հազիւ կանգուն կը մնայ։

Եկեղեցին վերականգնելու փորձեր եղած են, ու անոր շրջակայքը լուսաւորման սիւներ դրուած են, սակայն գանձագողերու կողմէ եկեղեցւոյ հիմքերուն եւ պատերուն մէջ փորուած են փոսեր, եւ անիկա արդէն աւերակ կը յիշեցն:

Եկեղեցւոյ մօտակայքը բնակող Ճասըմ Աճար նշած է, որ անցեալին այնտեղ կար 900 տուն, սակայն անուշադրութեան հետեւանքով անոնց թիւը այժմ հասած է 3-5-ի: «Եկեղեցին պահպանելու համար կայ մէկ պահակ, որ ընդամէնը քանի մը ժամ կու գայ: Ես անձամբ անգամ մը բռնած եմ գանձագող մը: Այս տարի եթէ չմիջամտենք, յաջորդ տարի պիտի փլուզուի: Հիմք չէ մնացած: Եթէ եկեղեցին վերանորոգուի, տարածքը պիտի կենդանանայ: Եթէ այսօր 10 մարդ կու գայ, վերանորոգուելէն ետք հազարաւորները պիտի գան»,- նշած է Աճար:

Ուրֆայի շրջանի զբօսաշրջութեան պալատի նախագահ Միւսլիւմ Չոպանը մեծ տխրութեամբ նշած է, որ եկեղեցին կը փլուզուի: «Գերմուշ գիւղը իրօք Ուրֆայի, հայերու եւ քրիստոնեաներու համար կարեւոր վայր էր: Այստեղ երկու եկեղեցի կար. մէկը, ցաւօք, անուշադրութեան հետեւանքով փլուզուեցաւ: Պէտք վերանորոգել զայն եւ ծառայեցնել զբօսաշրջութեան»,- ըսած է ան: